Ազգային ժողովին մէջ երէկ շարունակուեցաւ յանձնախումբերու նախագահներու թեկնածութիւններու քննարկումը: Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան մշտական յանձնախումբին համար ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը առաջադրեց Լիլիթ Գալստեանի թեկնածութիւնը:
Մինչ այդ պատգամաւորները կը քննարկէին կրթութեան յանձնախումբի նախագահի պաշտօնին համար առաջադրուած ՔՊ-ական Սիսակ Գաբրիէլեանի թեկնածութիւնը:
Երէկ պատգամաւորները իրենց ելոյթներուն մէջ անդրադարձան նաեւ Տարածքային կառավարման եւ շրջակայ միջավայրի պահպանութեան մշտական յանձնախումբի նախագահի պաշտօնին համար ընդդիմադիր «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան առաջադրած Դաւիթ Ղազինեանի թեկնածութեան:
Խորհրդարանական յանձնախումբերէն 8-ի նախագահներու թեկնածութիւնը կ՛առաջադրէ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը, 3-ինը` «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութիւնը, 1-ինը` «Հայաստան» խմբակցութիւնը: