Նեթանիահու Իր Ընտրական Քարոզարշաւի Ծիրին Մէջ Կը Հրապարակէ Շէյխ Քասեմի, Խամենէիի, Էրտողանի Եւ Մամտանիի Լուսանկարը

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու «Էքս»-ի վրայ հրապարակեց գրութիւն մը, ուր կ՛երեւի Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Խամենէիի, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Նիւ Եորքի քաղաքապետ Մամտանիի լուսանկարը, որուն կցուած է «Մի՛ արտօներ, որ յաղթեն» գրութիւնը:

Հրապարակուած պաստառը ընտրական քարոզարշաւի ծիրին մէջ իբրեւ յայտարարութիւն հրապարակուած է իսրայէլեան Լիքուտ կուսակցութեան կողմէ:

Իսրայէլի վարչապետի կուսակցութեան հրապարակած պաստառին վրայ գրուած է. «Կ՛ուզեն, որ Նեթանիահուն պարտուի… անոնց յաղթանակ մի՛ տաք»:

 

Leave a Comment