Սիմոնեան Ներկայացուեցաւ Անվտանգութեան Խորհուրդի Աշխատակազմին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Անվտանգութեան խորհուրդի աշխատակազմին ներկայացուցած է նոր նշանակուած քարտուղար Ալեն Սիմոնեանը` միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով շուրջ ութ տարի այդ պաշտօնը վարած Արմէն Գրիգորեանին:

Փաշինեան ընդգծած է Գրիգորեանի մասնակցութիւնը յատկապէս խաղաղութեան գործընթացին` նշելով, որ ան «շատ էական ներդրում» ունի այդ ոլորտին մէջ արձանագրուած ձեռքբերումներուն մէջ:

«Պարոն Գրիգորեանը ներգրաւուած եղած է խաղաղութեան հաստատման գործընթացին մէջ եւ ունի շատ էական ներդրում այդ ոլորտին մէջ մեր ունեցած ձեռքբերումներու հարցին մէջ», ըսած է Փաշինեան:

Անոր համաձայն, նոր նշանակուած քարտուղար Ալեն Սիմոնեանը եւս նախորդ շրջանին ներգրաւուած եղած է երկրին համար կարեւոր եւ ռազմավարական որոշումներու կայացման գործընթացին մէջ եւ, իբրեւ Ազգային ժողովի նախագահ, աշխատանքային տեղեկատուութեան պակաս չէ ունեցած:

Արմէն Գրիգորեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է Անվտանգութեան խորհուրդի աշխատակազմին` պաշտօնավարման ընթացքին արձանագրուած թերացումներու պատասխանատուութիւնը վերցնելով իր վրայ:

«Ուր որ չենք կրցած եւ թերացած ենք` իմ պատճառովս եղած է: Շնորհակալ եմ եւ կը շնորհաւորեմ Ալեն Սիմոնեանը», ըսած է Գրիգորեան:

Անվտանգութեան խորհուրդի նոր նշանակուած քարտուղարը իր կարգին շեշտած է, որ Արմէն Գրիգորեանի հետ լաւ եւ գործընկերային յարաբերութիւններ ունի:

«Կը կարծեմ, որ կը կարողանանք միասին աշխատիլ: Անկախ անկէ` տեղեա՞կ եմ կամ մասնակցա՞ծ եմ, դուք ինծի պէտք է օգնէք` աշխատանքային գործընթացին մէջ աւելի խոր մտնելու համար», ըսած է Սիմոնեան:

Փաշինեանն ալ նշած է, որ նախորդ շրջանին Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ մեծ աշխատանք կատարուած է, սակայն յառաջիկային եւս կարեւոր ընելիքներ կան: Անոր համաձայն, առաջին քայլը պէտք է ըլլայ կատարուած աշխատանքի վերլուծութիւնն ու հետագայ առաջնահերթութիւններու որոշումը:

Leave a Comment