«Հակառակ հայկական կողմին պնդումներուն, մենք Հայաստանի հետ «Թրամփի ուղի» նախագիծին վերաբերեալ որեւէ նախնական պայմանաւորուածութիւն ձեռք չենք բերած»: Այս հաստատումը կատարեց զօր. Ռահիմ Սաֆաւի` մեկնաբանելով «Թրամփի ուղի» նախագիծին շուրջ իրավիճակը եւ Հայաստանի հետ բանակցութիւնները: Լուրը կը հաղորդէ «Սեփահ Փաստարան» թելեկրամեան ալիքը:
«Այս հարցին շուրջ կայ ո՛չ իրական փոխըմբռնում, ո՛չ ալ ընդհանուր շփման կէտ: Մենք բաց եւ յստակ կերպով Հայաստանի ուշադրութեան յանձնած ենք մեր կարմիր գիծերը: Հետեւաբար, Հայաստանի խորհրդարանի պատգամաւորին յայտարարութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան:
«Միւս կողմէ, եթէ մենք դէմ ենք Պարսից ծոցին մէջ ամերիկեան ներկայութեան, ապա ինչո՞ւ պէտք է աջակցինք Հարաւային Կովկասի մէջ այդ ներկայութեան: Մենք շրջանն ու մեր սահմաններուն ապահովութիւնը կը դիտարկենք իբրեւ մէկ ամբողջութիւն: Ուստի այդ նախագիծը իր ներկայ ձեւաչափով սպառնալիք կը ներկայացնէ Իրանին:
«Մենք կը շարունակենք բանակցութիւնները Հայաստանի հետ: Սակայն եթէ հոն ապահովական պատասխանատուութիւնը դրուի ամերիկեան զինուած ուժերուն վրայ, Իրան ինքն իրեն կը վերապահէ պատասխան գործողութիւններու իրաւունքը եւ համապատասխան քայլերու ձեռնարկելու կարելիութիւնը:
«Աւելի լաւ պիտի ըլլար, եթէ հայ սահմանապահները ինքնուրոյն վերահսկէին Իրան-Հայաստան սահմանին եւ անկէ անցնող երթուղիներուն», յայտնեց զօր. Սաֆաւի: