Սպիտակ Տունը Կը Հերքէ Հեկսեթի Նկատմամբ Թրամփի Դժգոհութեան Աճի Մասին Տեղեկութիւնը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ անցեալ շաբաթ Քեմփ Տէյվիտի մէջ ժողովի ժամանակ Իրանի մէջ պատերազմի ընթացքին նկատմամբ դժգոհութիւն յայտնած է եւ պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթէն բացատրութիւն պահանջած զինամթերքի լուրջ պակասի մասին «ապատեղեկատուութեան» վերաբերեալ: Այս մասին «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնած են լաւատեղեակ երկու աղբիւրներ:

Քննարկումը կատարուած է ուրբաթ օր Քեմփ Տէյվիտի մէջ նախարարաց խորհուրդի ժողովի ծիրին մէջ: Թրամփ զայրացած Հեկսեթին ըսած է, թէ կը կարծէր, թէ «զինամթերքի խնդիրը լուծուեցաւ»:

Աղբիւր մը նշած է, որ պակասը, մասնաւորաբար` հեռահաս կառավարուող հրթիռներու եւ հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներու, այն պատճառներէն էր, որ վերջին օրերուն Թրամփին ստիպեց հրաժարիլ Իրանի դէմ հետագայ լայնածաւալ զինուորական հարուածներ հասցնելէն:

Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լեւիթ հերքեց այս տեղեկութիւնը` վստահեցնելով, որ Հեկսեթ Թրամփի ամբողջական վստահութիւնը կը վայելէ, եւ շրջանառուողը «ամբողջովին կեղծ լուր է:

Փենթակոնի բանբերը իր կարգին հերքեց, թէ Հեկսեթ ոեւէ մէկը ապակողմնորոշած է զինամթերքի պահեստի կացութեան հարցով կամ իր տեղակալը այպանած:

Ան ըսաւ, որ պահեստի սպառման, ներքին տարակարծութիւններու գոյութեան եւ Հեկսեթի Իրանի վերաբերեալ դիրքորոշման առնչութեամբ պնդումները «երեւակայածին են»:

Leave a Comment