Հայաստանն ու Իրանը հազարաւոր տարիներու պատմական անցեալ ունին, համերաշխ ապրած են կողք-կողքի, ուստի պէտք չէ թոյլ տալ երրորդ երկիրներուն` միջամտել այդ յարաբերութիւններուն: «Սփութնիք Արմենիա»-ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ Կապանի մէջ Իրանի գլխաւոր հիւպատոս Մորթեզա Ապետին Վարամին:
«Պէտք չէ թոյլ տանք, որ չարակամ մարդիկ փորձեն փոխել այս բոլորը: Պատերազմէն առաջ ալ ըսած եմ (նկատի ունի իրանեան-ամերիկեան վերջին դէպքերը), թէ պէտք չէ թոյլ տանք, որ Հայաստանը դառնայ թատերաբեմ ուրիշ երկիրներու ներկայացումներուն համար: Ցաւօք, նման բան կը տեսնենք ուրիշ երկիրներու մէջ, անոնք կը վճարեն ասոր համար` որոշ մարդոց չարութեան համար: Հակառակ անոր որ ես հաւատացած եմ, որ Հայաստանի պետութիւնն ու ժողովուրդը բաւական զգօն են այս հարցին նկատմամբ, այսուհանդերձ պէտք է միշտ զգուշանալ», նշեց իրանցի դիւանագէտը:
Ան աւելցուց, որ Իրանի նահատակուած գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամենէին միշտ յատուկ կերպով խօսած է Հայաստանի ժողովուրդին մասին: «Ես ատիկա երբեք չեմ մոռնար: Հայաստանի ժողովուրդը շատ լաւ ժողովուրդ է», նշեց հիւպատոսը: