Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն լիովին յանձնառու ըլլալ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ համագործակցութեան` այս հիմքի վրայ կառուցելու եւ յառաջ շարժելու գործին մէջ: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ:
«Կը շնորհաւորենք երկու երկիրները վերջին մէկ տարուան ընթացքին անոնց ցուցաբերած քաջութեան եւ հեռատեսութեան համար եւ կ՛ակնկալենք շարունակական յառաջընթաց` Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն ու տեւական խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ:
«ԹՐԻՓՓ-ը, որ երկաթուղային, ինքնաշարժային, ուժանիւթային եւ թուային ենթակառոյցները պիտի արդիականացնէ, աստիճանաբար իրականութեան կը վերածուի:
«Հայաստանի տարածքին երկաթուղիի ճարտարապետական ուսումնասիրութիւնները արդէն սկսած են, իսկ Ազրպէյճան կը մօտենայ դէպի Հայաստան միացող մայրուղիի եւ երկաթուղիի շինարարութեան աւարտին», նշած է Ռուպիօ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆ իր կարգին ընկերային ցանցի վրայ գրած է. «Մէկ տարի առաջ նախագահ Թրամփը համախմբեց Ազրպէյճանն ու Հայաստանը` պատմական խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու համար:
«Հարաւային Կովկասը այսօր աւելի անվտանգ, բարեկեցիկ եւ կայուն է, իսկ այս հիանալի երկիրներու ապագան` լուսաւոր»: