Թրամփ Եւ Փաշինեան Վերահաստատած Են ԹՐԻՓՓ-ի Կառուցման Աշխատանքները Մօտիկ Ապագային Սկսելու Իրենց Հաստատակամութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է:

Փաշինեան Թրամփին շնորհակալութիւն յայտնած է 8 օգոստոս 2025-ի Խաղաղութեան վեհաժողովը Ուաշինկթընի մէջ` Սպիտակ տան մէջ կազմակերպելու, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու կողմէ ընդունուած Խաղաղութեան հռչակագիրը իբրեւ վկայ ստորագրելուն համար` ընդգծելով նախագահ Թրամփի անձնական ջանքերուն որոշիչ նշանակութիւնը խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ:

Զրուցակիցները ուրախութեամբ արձանագրած են, որ Ուաշինկթընի Խաղաղութեան վեհաժողովը յանգեցուցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ իրական խաղաղութեան, զոր երկու երկիրներու ժողովուրդները կը տեսնեն ու կը զգան:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած է ԹՐԻՓՓ նախագիծի իրականացման ներկայ վիճակը: Փաշինեանն ու Թրամփը վերահաստատած են ԹՐԻՓՓ-ի կառուցման աշխատանքները մօտիկ ապագային սկսելու իրենց հաստատակամութիւնը:

Քննարկուած են նաեւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ երկկողմանի եւ միջազգային օրակարգի այլ հարցեր:

Leave a Comment