Փաշինեան-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Ալիեւն ու Փաշինեանը, հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը:

«8 օգոստոս 2026-ին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին:

«Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի աջակցութեամբ 8 օգոստոս 2025-ին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած Խաղաղութեան վեհաժողովի առաջին տարեդարձին առիթով, որուն ընթացքին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հաստատուեցաւ խաղաղութիւն, ինչպէս նաեւ նախաստորագրուեցաւ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրը:

«Կողմերը յատկապէս նշած են նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կարեւոր դերը խաղաղութեան հոլովոյթի յառաջխաղացման գործին մէջ:

«Կողմերը նշած են Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ վերջին մէկ տարուան ընթացքին արձանագրուած յառաջընթացը:

«Զրոյցի ընթացքին ընդգծուած է երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրատնտեսական կապերու զարգացումը` իբրեւ խաղաղութեան օգուտներու շօշափելի դրսեւորում: Այս ծիրին մէջ, կողմերը նշած են ազրպէյճանական նաւթամթերքի արտածումը Հայաստան, ինչպէս նաեւ տարանցիկ բեռներու փոխադրումը Ազրպէյճանի տարածքով դէպի Հայաստան եւ Հայաստանէն դէպի այլ ուղղութիւններ:

«Բացի ատկէ, կողմերը միտքեր փոխանակած են ԹՐԻՓՓ երթուղիի իրականացման վերաբերեալ` համաձայն Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու:

«Կողմերը ընդգծած են խաղաղութեան հոլովոյթի յառաջ մղումն եւ շրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան, կայունութեան, կապակցուածութեան եւ տնտեսական համագործակցութեան ապահովման ջանքերը շարունակելու կարեւորութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

 

Leave a Comment