Փութին Դարձեալ Կը Պահանջէ Հանրաքուէ Կատարել` Եւրոպական Միութեան Միանալու Կամ ԵԱՏՄ-ի Մէջ Մնալու Վերաբերեալ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ` առաջին անգամ յունիսեան խորհդարանական ընտրութիւններէն ի վեր:

Ըստ պաշտօնական Երեւանի, կողմերը միտքեր փոխանակած են Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններու օրակարգի, մասնաւորապէս, երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ յառաջացած խնդիրներուն վերաբերեալ:

Փաշինեան ընդգծած է, որ հայաստանեան ծագման ապրանքներու` ռուսական շուկայ արտահանման սահմանափակումները կը հակասեն Հայաստան-Ռուսիա իրաւապայմանագրային շրջանակին ու Եւրասիական տնտեսական միութեան կարգաւորումներուն, եւ խնդրած է միջոցներու ձեռնարկել` այս խնդիրները կարգաւորելու ուղղութեամբ:

Քրեմլին իր կարգին կը հաղորդէ, որ Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնութեամբ կայացած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Վլատիմիր Փութին վերահաստատած է 29 մայիսին Ասթանայի մէջ ԵԱՏՄ-ի անդամ երեք երկիրներու ղեկավարներու հետ ընդունած միացեալ յայտարարութիւնը` Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան միանալուն ուղղուած գործողութիւններուն վերաբերեալ: Փութին մասնաւորապէս ընդգծած է Հայաստանի մէջ ըստ կարելւոյն շուտ համազգային հանրաքուէ կատարելու անհրաժեշտութիւնը` Եւրոպական Միութեան միանալու կամ ԵԱՏՄ-ի մէջ մնալու վերաբերեալ:

Հայաստանի կառավարութեան հաղորդումով` Փաշինեան ըսած է, որ հանրաքուէի կայացումը գործնականին մէջ կարելի է միայն Հայաստանի կողմէ անդամակցութեան հարցով Եւրոպական Միութեան պաշտօնական դիմում յղելէ եւ նիւթը առարկայական դարձնելէ ետք:

Փաշինեան ընդգծած է բաց, գործընկերային եւ բարեկամական երկխօսութեան միջոցով նշուած հարցերը լուծելու Հայաստանի կառավարութեան պատրաստակամութիւնը:

«Զրոյցը եղած է Եւրասիական տնտեսական միութեան երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ Հայաստանի վերաբերեալ վերջերս ընդունուած յայտարարութեան շուրջ: Ընդգծուած է Հայաստանի մէջ ըստ կարելւոյն շուտ հանրաքուէ կայացնելու անհրաժեշտութիւնը` որոշելու, թէ ո՛ր ուղղութեամբ կ՛ուզէ երթալ Հայաստանը», լրագրողներուն ըսած է Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:

Մոսկուան մինչեւ օրս չէ շնորհաւորած Փաշինեանը կամ Քաղաքացիական պայմանագիրը ընտրութիւններուն մէջ տարած յաղթանակին առիթով:

Leave a Comment