«Ամերիկան Կղզին Գրաւելու Եւ Բնաջնջելու Կը Ձգտի» Կ՛ըսէ Քուպայի Նախագահը

Քուպայի նախագահ Միկել Տիազ-Քանել Միացեալ Նահանգները ամբաստանեց իր երկիրը գրաւել ձգտելու եւ անոր նկատմամբ բնաջնջման քաղաքականութիւն կիրարկելու յանցանքով:

Տիազ-Քանել յայտնեց, որ Քուպան այսօր պատմական ճակատամարտ կը մղէ բնաջնջման քաղաքականութեան մը դէմ, որուն նպատակը երկիրը գրաւելու համար ամբողջ ժողովուրդը խեղդամահ ընելն է:

Ան նշեց, որ շրջափակումը պատերազմի զէնք է եւ զոհեր կը պատճառէ:

Տիազ-Քանել շեշտեց, որ Ուաշինկթըն կը ջանայ Քուպայի եւ այլ պետութիւններու մէջ ընկերային պայթում յառաջացնել մէկ նպատակով` իր կայսերապաշտական շահերուն համահունչ կառավարութիւններ պարտադրելու համար:

Քուպայի նախագահը կը մասնակցէր 1953 թուականին Մոնքատա զօրանոցին վրայ Ֆիտել Քասթրոյի հրամանատարութեամբ յարձակումի 73-ամեակին նշման:

Յարձակումը կղզիին վրայ նախկին վարչակարգի տապալման պայքարի սկիզբը կը նկատուի:

Leave a Comment