Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս վարչապետարանին մէջ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի գլխաւորութեամբ հերթական նախարարական ժողովէն ետք նշեց. «Ժողովին սկիզբը, անդրադառնալով Իրաք իր այցելութեան, վարչապետ Սալամ իր խօսքը սկսաւ նշելով. «Կառավարութիւնը միշտ պատրաստ է օգտուելու բոլոր առիթներէն, որոնք որեւէ ժամանակ կը ներկայանան` իրագործելու համար տնտեսական վերականգնումի նպատակները, մասնաւորաբար կապի եւ ռազմավարական փոխլրացման ոլորտներուն մէջ»:
«Այս առումով, Սալամ Իրաքէն իր վերադարձին հեռաձայնեց Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանիին` շեշտելով շրջանային կապը ամրապնդելու կարեւորութիւնը, նկատի ունենալով բոլորին համար ունեցած փոխադարձ օգուտը», նշեց տեղեկատուութեան նախարարը:
«Ժողովի ընթացքին քննարկում կատարուեցաւ այս այցելութեան ընթացքին Լիբանանը Պասրա-Թրիփոլի գիծին կապելուն շուրջ` նկատի ունենալով հասարակաց օգուտն ու Լիբանանի մէջ պահեստաւորման մեծ կարողութիւնը, նաեւ նոր զտարանի ստեղծման ուղղուածութեամբ: Այս բոլորը` քարիւղի արտադրութիւնը աւելցնելու Իրաքի մտադրութեան լոյսին տակ», ըսաւ Մըրքոս:
«Նաեւ քննարկուեցաւ լիբանանեան-իրաքեան թեքնիք յանձնախումբի մը ստեղծումը` քննարկելու համար այս նիւթերը եւ անոնց մէջ յառաջ ընթանալու համար, մասնաւորաբար յատուկ տնտեսական շրջանի շուրջ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան նիւթին մէջ», նշեց ան:
«Կառավարական ուղղուածութիւն մը գոյութիւն ունի վերապատրաստելու ամբարները` դիւրացնելու համար քարիւղի ցամաքային փոխադրումը, ճիշդ ինչպէս տեղի ունեցաւ Պանիասի նաւահանգիստին մէջ», շեշտեց նախարարը:
«Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ երկրորդ հարցի մը, որ թրքական իշխանութիւններուն հետ գործակցաբար ելեկտրականութեան մատակարարման ամրապնդումն է: Իսկ երրորդ նիւթը համացանցի ծառայութիւններու կեանքի կոչումն էր», յայտնեց Մըրքոս:
«Վերջին նիւթը, որուն անդրադարձ կատարուեցաւ, սպառողներու պաշտպանութիւնն էր, ինչպէս նաեւ զանազան այլ հարցեր», նշեց տեղեկատուութեան նախարարը: