ՀՅԴ Հայ Դատի Մարմինին Սինիրլիօղլուի Հարցով Նամակը` ԵԱՀԿ-ի Անդամ Պետութիւններու Դեսպաններուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ ԵԱՀԿ-ի անդամ պետութիւններու Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն յղեց հետեւեալ նամակը.

«2026 թուականի յուլիս 8-ին, ռուս կատակարարներ (փրանքսթըր) Վլատիմիր Քուզնեցով (Վովան) եւ Ալեքսէյ Սթոլեարով (Լեքսուս) հեռաձայնեցին ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուին` ներկայանալով իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, եւ անկէ խնդրեցին աջակցիլ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի պաշտօնանկութեան, արշաւ մը, զոր վարչապետ Փաշինեան կը հետապնդէ 2025 թուականի մայիսէն ի վեր:

«Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին, Սինիրլիօղլու մեղադրեց Ամենայն հայոց կաթողիկոսը եկեղեցին քաղաքականացնելու մէջ, ապա համաձայնեցաւ «ուսումնասիրել», թէ ԵԱՀԿ-ը ինչպէ՛ս կրնայ աջակցիլ կաթողիկոսը պաշտօնանկ ընելու ջանքերուն: Երբ Սինիրլիօղլու հարցուց, թէ արդեօք իր զրուցակիցը կրնա՞յ «փոխել կաթողիկոսը», կեղծ Փաշինեանը պատասխանեց, թէ ինք «բոլոր կարելի միջոցները կը քննէ»: Վերջինս նաեւ խնդրեց աջակցութիւն` հանրային քննադատութեան պարագային, ինչին Սինիրլիօղլու պատասխանեց. «Լաւ, ամէն ջանք պիտի թափեմ, պիտի փորձեմ»:

«Սինիրլիօղլու անաչառութիւն պահանջող իր պաշտօնը առաւել եւս վարկաբեկեց` պնդելով, թէ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻ-ի ընտրադիտորդական առաքելութիւնը «անարդար» գտնուած էր Հայաստանի կառավարութեան նկատմամբ:

«Լիբանանի Հայ դատի մարմինը, միանալով բազմաթիւ հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու, կը դատապարտէ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի այս յայտարարութիւնները: Անոր համաձայնութիւնը կը խաթարէ ԵԱՀԿ-ի անաչառութիւնն ու առաքելութիւնը: Սինիրլիօղլուի խօսքերը կը բացայայտեն այնպիսի կեցուածք մը, որ անհամատեղելի է անոր պաշտօնի պատասխանատուութիւններուն հետ եւ յստակօրէն կը հակասէ 1975 թուականի Հելսինքեան եզրափակիչ աքթի 5-րդ սկզբունքին, որով ԵԱՀԿ-ի անդամ պետութիւնները, ներառեալ Հայաստանը, յանձնառու են պաշտպանելու կրօնի կամ համոզումի ազատութիւնը:

«Պրն. Սինիրլիօղլուն պէտք է հրապարակաւ ետդարձ կատարէ իր այն ակնարկէն, թէ ԵԱՀԿ-ը պիտի աջակցի Ամենայն հայոց կաթողիկոսի պաշտօնանկութեան, վերահաստատէ, որ ամբողջական կերպով եւ բացառապէս նուիրուած է ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի իր պատասխանատուութիւններուն, վերահաստատէ կազմակերպութեան յանձնառութիւնը Հայաստանի մէջ կրօնական ազատութեան պաշտպանութեան նկատմամբ եւ անմիջական կապի մէջ մտնէ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հետ` ապահովելու համար, որ Հայ եկեղեցւոյ իրաւունքները լիովին յարգուին»:

 

Leave a Comment