Հայաստանի հրաձգութեան հաւաքականը գրաւեց «Այ. Էս. Էս. Էֆ.»-ի աշխարհի ախոյեանութեան խմբային ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը:
Շարժող թիրախի աշխարհի ախոյեանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալինի մէջ, եղաւ մեծ մասամբ հայ հրաձիգներու տիրապետութեամբ:
Հայաստանի հաւաքականը նուաճեց 5 ոսկի, մէկ արծաթ եւ 3 պրոնզ մետալներ:
Որովհետեւ աւելի ոսկի մետալներ շահեցաւ, Հայաստան 9 ընդհանուր մետալներով գրաւեց առաջին դիրքը` իր ետին ձգելով Ֆինլանտան, որ ընդհանուր 11 մետալներ շահած էր, բայց միայն 3 ոսկի մետալներ ձեռք ձգած:
Այս մրցաշարքը պատմական էր հայկական հրաձգութեան համար, որովհետեւ հայ ներկայացուցիչները առաջին անգամ ըլլալով աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսներ նուաճեցին «շարժող թիրախ» մրցաձեւին մէջ:
Մեծերու մրցաշարքին գլխաւոր հերոսներ դարձան Հայկ Մինասեան եւ Գոռ Խաչատրեան:
Մինասեան անհատական ոսկի մետալ շահեցաւ 10 մեթր հեռաւորութենէն շարժող թիրախի խառն վազքի վարժութեան: Մինասեան նուաճեց նաեւ պրոնզ մետալ մը` բնական վազքի վարժութեան:
Գոռ Խաչատրեան աշխարհի ախոյեան դարձաւ 10 մեթր հեռաւորութեան բնական վազքի անհատական մրցումին:
Տղոց հաւաքականը յաջող ելոյթ ունեցաւ խմբային մրցումներուն: Հայկ Մինասեան, Գոռ Խաչատրեան եւ Յովհաննէս Մարգարեան ոսկի մետալ նուաճեցին 10 մեթր հեռաւորութեան բնական վազքի վարժութեան:
10 մեթր հեռաւորութեան խառն վազքի վարժութեան Հայաստանի եռեակը արծաթէ մետալ նուաճեց:
Տղաքը երկու պրոնզ մետալներ եւս նուաճեցին 50 մեթր հեռաւորութենէն բնական վազքի եւ խառն վազքի մրցումներուն:
Աղջկանց երիտասարդներու մրցումներուն, Այտա Ազատեան երկու ոսկի մետալ նուաճեց:
Ազարեան աշխարհի ախոյեան դարձաւ 10 մեթր հեռաւորութեան բնական եւ խառն վազքի մրցումներուն: