«Մենք կը սկսինք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Միացեալ Նահանգներուն միջեւ ԹՐԻՓՓ նախագիծին շուրջ ռազմավարական համագործակցութեան մասին շրջագծային համաձայնագիրը վաւերացնելու հոլովոյթը, որուն ընդունումով մենք նախագիծը սահմանուած կարգով պիտի ուղարկենք Սահմանադրական դատարան»: Այս մասին կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտնած է արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան:
«Սահմանադրական դատարանին կողմէ նշեալ միջազգային պայմանագիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան չհակասող կէտեր արձանագրելու որոշման պարագային սահմանուած կարգով պիտի դիմենք Ազգային ժողով, քննարկումը այնտեղ պիտի տեղափոխենք:
«Համաձայնագիրին կնքումով կ՛արձանագրուի, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Միացեալ Նահանգները նպատակ ունին Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրամիջոցային ենթակառոյցներու զարգացման, շրջանային առեւտուրի զարգացման ճամբով նպաստել ու ամրապնդել Հարաւային Կովկասի մէջ հաստատուած խաղաղութիւնը:
ԹՐԻՓՓ զարգացման ընկերութիւնը պիտի ստանայ գօտիներուն մէջ հողի օգտագործման, կառուցապատման իրաւունք, եւ այս իրաւունքը պիտի գործէ նախնական 49 տարիով: Բաժնեմասերը պիտի բաշխուին հետեւեալ ձեւով` Միացեալ Նահանգներուն պիտի պատկանի 74 առ հարիւրը, Հայաստանի Հանրապետութեան` 26 առ հարիւրը: Այս նախնական ժամկէտի` 49 տարին լրանալէն ետք կարելիութիւն կայ կողմերու համաձայնութեամբ երկարաձգել համաձայնութիւնն ու ժամկէտը յաւելեալ 50 տարիով, եւ այս պարագային պիտի ապահովուի, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունենայ բաժնեմասերու 49 առ հարիւրը:
«Այս համաձայնագիրը ոչ միայն համահունչ է հանրահռչակուած սկզբունքներուն եւ ամրագրուած սկզբունքներուն, այլ նաեւ շրջագծային համաձայնագիրին մէջ բազմիցս յղում կը կատարուի ե՛ւ 8 օգոստոսի, ե՛ւ 13 յունուարի փաստաթուղթերուն: ԹՐԻՓՓ-ի հիմնադրման փաստաթղթային հոլովոյթը աւարտելու համար յառաջիկային տակաւին ունինք եւս 2 փաստաթուղթ, ատիկա բաժնետէրերու միջեւ պայմանագիրը պիտի ըլլայ, եւ պիտի ըլլայ արդէն ԹՐԻՓՓ զարգացման ընկերութեան կանոնադրութիւնը, այժմ կ՛աշխատինք այդ փաստաթուղթերուն վրայ», նշած է Միրզոյեան:
Միրզոյեան ընդգծեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի պահպանէ իր լիարժէք գերիշխանութիւնն ու լիիրաւ իրաւազօրութիւնը պետական սահմանի կառավարման, սահմանային վերահսկողութեան, մաքսային վարչարարութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ իրականացուող մաքսային բոլոր գործընթացներուն նկատմամբ: