Երբ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան փոփոխութեան հարցը լուծուի, մենք կը կարծենք, որ վերջնական խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման համար ոչ մէկ խոչընդոտ կը մնայ: Այս մասին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ:
Այս շաբաթ բռնագրաւուած Շուշի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ֆորումի ծիրին մէջ «Ռոյթըրզ»-ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին Ազրպէյճանի նախագահի օգնական, նախագահի արտաքին քաղաքականութեան բաժինի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ բարձր գնահատած է երկիրներու յառաջընթացը դէպի խաղաղութիւն, ներառեալ աճող ուղղակի հաղորդակցութիւնները եւ երկկողմ առեւտուրը:
«Մենք կ՛ապրինք իրական խաղաղութեան պայմաններու մէջ: Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի համար խաղաղութիւնը պարզապէս թուղթի վրայ գրուած կամ հռչակագիրի մէջ պարունակուող բան չէ, անիկա իրականութիւն է», ըսած է ան` մատնանշելով Հայաստան ազրպէյճանական նաւթամթերքի մատակարարումներու յաւելումը:
Հակառակ յառաջընթացին, ան նշած է, որ Պաքու կը պահպանէ Հայաստանի սահմանադրութեան վերաբերեալ իր դիրքորոշումը:
«Սահմանադրական փոփոխութիւններու ձեւը Հայաստանի ներքին գործն է: Ազրպէյճանի համար կարեւորը այն է, որ մեր երկրին նկատմամբ տարածքային պահանջներ նկատուող կէտերը պաշտօնապէս հեռացուին` ըլլայ այդ նոր սահմանադրութեան որդեգրումով, թէ այլ իրաւական մեքանիզմով: Երբ այդ հարցը լուծուի, մենք կը կարծենք, որ վերջնական խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման համար ոչ մէկ խոչընդոտ կը մնայ», ըսած է Հաճիեւ:
Ան նշած է, որ միայն նախագիծի հրապարակումը բաւարար պիտի չըլլայ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու համար:
Հաճիեւ նաեւ ըսած է, որ Ազրպէյճան Միացեալ Նահանգներէն ստացած է լուրջ եւ դրական ազդակներ այն մասին, թէ շրջանին մէջ Ուաշինկթընի աջակցութեամբ նախատեսուող փոխադրամիջոցային միջանցքի շինարարական աշխատանքները կրնան սկսիլ այս աշնան:
«Միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար Թրամփի երթուղի» (ԹՐԻՓՓ) կոչուող առաջարկուող 43 քիլոմեթր միջանցքը պիտի կտրէ Հայաստանը եւ Ազրպէյճանին ուղիղ հասանելիութիւն պիտի տայ իր էքսքլաւ Նախիջեւանին եւ իր մերձաւոր դաշնակից Թուրքիոյ: Երթուղին աւելի լաւ Ասիան պիտի միացնէ Եւրոպային ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Ուաշինկթըն կ՛ուզէ բազմազանեցնել ուժանիւթային եւ առեւտրական հոսքերը Ռուսիայէն` Ուքրանիոյ մէջ ընթացող պատերազմին պատճառով», ըսած է Հաճիեւ: