Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումի ժամանակ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները պիտի հաստատեն Հայաստանի համար Եւրոպական Միութեան նոր առաքելութեան ստեղծումը` խառնածին սպառնալիքներու դէմ պայքարելու նպատակով: Այս մասին յայտարարեց Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս:
«Մենք նաեւ համաձայնութեան պիտի գանք Հայաստանի համար նոր գործընկերային առաքելութեան շուրջ` պայքարելու խառնածին սպառնալիքներու եւ արտասահմանեան տեղեկատուութեան շահագործման ու միջամտութեան դէմ, որոնց անոնք իրականութեան մէջ կը բախին», յայտարարած է Քալլաս` Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումի ժամանակ: