Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ բարեկամութիւնն ու եղբայրութիւնը անխախտ են, իսկ ազրպէյճանցի եւ թուրք ժողովուրդները կը կիսեն այս տեսակէտը: Այս մասին բռնագրաւեալ Շուշիի մէջ Համաշխարհային լրատուական 4-րդ համախմբումի ժամանակ, պատասխանելով «Անատոլու»-ի լրագրողի հարցումին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
Անոր համաձայն, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ քաղաքական եւ տնտեսական կապերը կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ, իսկ երկիրները բարեկամական սերտ յարաբերութիւններ կը պահպանեն:
Ալիեւ ընդգծած է, որ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան ոչ միայն եղբայրական եւ բարեկամ երկիրներ են, այլ նաեւ դաշնակիցներ: «Եթէ մեր երկիրներէն մէկուն համար սպառնալիք յառաջանայ, միւսը զօրաշարժի պիտի ենթարկէ իր ամբողջ, ներառեալ զինուորական ներուժը` իր դաշնակիցը պաշտպանելու համար», ըսած է Ալիեւ:
Անդրադառնալով Հայաստանի հետ յարաբերութեան` Ալիեւ ըսած է. «Ազրպէյճանի տարածքով Հայաստան տեղափոխուած են աւելի քան 40 հազար թոն տարբեր բեռներ Ռուսիայէն եւ Ղազախստանէն: Բացի ատկէ, Ազրպէյճան ինք սկսած է նաւթամթերք մատակարարել Հայաստանին»:
Անոր համաձայն, ի դէմս Ազրպէյճանի` Հայաստան ստացած է մատակարարումներու յուսալի աղբիւր:
«Եթէ նման կարելիութիւն չըլլար, Երեւան ստիպուած պիտի ըլլար ամբողջ աշխարհի վրայ անհրաժեշտ աղբիւրներ փնտռելու», նշած է Ալիեւ:
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահը նաեւ անդրադարձած է Եւրոպական խորհուրդին հետ յարաբերութիւններուն եւ յայտարարած. «Մենք կ՛ուզենք Եւրոպական խորհուրդին հետ յարաբերութիւնները կարգաւորել, սակայն անոնք պէտք է առաջին քայլը ընեն: Նոյնիսկ եթէ Ազրպէյճանը ամբողջութեամբ Եւրոպական խորհուրդէն դուրս գայ, երկրին մէջ գործնականին մէջ ոչ ոք ատիկա պիտի նկատէ»:
«Մինչեւ 2023 թուականի սեպտեմբերը Ազրպէյճան երբեք Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ որեւէ պատժամիջոցի չէր ենթարկուած: Իսկ 2024 թուականի յունուարին վեհաժողովը քննարկեց ազրպէյճանական պատուիրակութեան լիազօրութիւնները եւ զրկեց զայն քուէարկութեան իրաւունքէն: Ասիկա, իբրեւ թէ, կապուած եղած է մարդու իրաւունքներուն: Սակայն, եթէ ատիկա իսկապէս այդպէս ըլլար, հաւանաբար աւելի առաջ նման քայլ պիտի կատարուէր: Ատիկա ուղղակի պատիժ էր այն բանի համար, որ մենք վերականգնեցինք մեր գերիշխանութիւնը», յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահը:
Ըստ ազրպէյճանական «Ռիփորթ»-ին, Ալիեւ յայտարարած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ «3+3» ձեւաչափը պէտք է ըլլայ լիարժէք, հաւասարազօր վեցակողմ համագործակցութեան հարթակ եւ չվերածուի հերթական Մինսքի խմբակի:
Անոր համաձայն, Ազրպէյճան այդ ձեւաչափը առաջարկած է` իբրեւ յետպատերազմեան համագործակցութեան մեքանիզմ, որուն նպատակը լիարժէք կարգաւորումն ու երկրի գերիշխանութեան վերջնական վերականգնումն է:
Ալիեւ նշած է, որ իրադարձութիւններու զարգացման եւ թէ՛ Հարաւային Կովկասի երկիրներու, թէ՛ ալ արտաքին պետութիւններու հետ դաշնակցային յարաբերութիւններու փոփոխութեան զուգահեռ փոխուած է նաեւ Ազրպէյճանի համագործակցութեան այս ձեւաչափի վերաբերեալ գնահատականը:
«Այսօր` ներկայ փուլին, կարեւոր է, որ ատիկա ըլլայ լիարժէք վեցակողմ համագործակցութիւն: Քանի տակաւին Վրաստանը չէ միացած, առնուազն հնգակողմ, սակայն շատ յստակ օրակարգով: Կարեւոր է, որպէսզի այս մեքանիզմը չվերածուի հերթական Մինսքի խմբակի, որ պիտի զբաղի բացառապէս ազրպէյճանական-հայկական խնդիրներով», նշած է Ալիեւ` ընդգծելով, որ ձեւաչափը պէտք է ներառէ ամբողջ շրջանին վերաբերող հարցերը` Ռուսիոյ, Իրանի, Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի «հաւասարութեան սկզբունքով» մասնակցութեամբ»:
Անոր համաձայն, Ազրպէյճան այսօր ճիշդ այս հայեցակարգը հիմնական կը նկատէ: «Եթէ նման մօտեցումը ընդունելի ըլլայ նաեւ միւս մայրաքաղաքներուն համար, ապա, կը կարծեմ, առնուազն արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հնգակողմ հանդիպման կատարումը պահանջուած պիտի ըլլայ», աւելցուցած է Ալիեւ:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան անցեալ տարի լրատուամիջոցներուն ըսած էր, որ «3+3» ձեւաչափով յաջորդ հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ կա՛մ Երեւանի մէջ, կա՛մ Պաքուի մէջ:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը յայտնած է իր պատրաստակամութիւնը հիւրընկալելու «3+3» շրջանային խորհրդատուական հարթակի նախարարական հերթական հանդիպումը: Նմանօրինակ պատրաստակամութիւն յայտնած էր նաեւ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը», լրատուամիջոցներուն յայտնած էին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Մինչեւ այսօր, սակայն, Երեւանի կամ Պաքուի մէջ հարթակի հանդիպումը կատարելու մասին ստոյգ տեղեկութիւն չկայ: