«Այս օրը` ազրպէյճանական պատանդառութեան քաղաքականութեան 1000-րդ օրը, մենք կը վերահաստատենք մեր կոչը խաղաղութեան համար` իրական խաղաղութեան, արդար խաղաղութեան համար: Խաղաղութիւն չի կրնար ըլլալ, եթէ կ՛արդարացուին Ազրպէյճանի կողմէ պատանդներու պահումը, տարածքներու բռնագրաւումը, քրիստոնէական սրբավայրերու ոչնչացումը, որոնցմէ ոմանք կը թուագրուին նոյնիսկ առաջին դարու կամ Արցախի փախստականներու` իրենց հայրենիք վերադառնալու իրաւունքի ոտնահարումը», Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու բանտարկութեան 1000-րդ օրուան առիթով Քոնկրեսին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:
Ըստ անոր, կեղծ խաղաղութիւնը այն է, որ պիտի ամրապնդէ Ազրպէյճանի ցեղասպանական ձեռքբերումները եւ վերջնականապէս պիտի զրկէ մարդիկը իրենց հայրենիքէն. «Կեղծ խաղաղութիւնը այն է, որ պիտի պարգեւատրէ Ազրպէյճանը ամերիկացի հարկատուներուն միջոցներով: Յիշեցէ՛ք իմ խօսքերս. եթէ մենք շարունակենք զիջումներ կատարել Ազրպէյճանին, ապա պիտի ստանանք միայն նոր ճնշումներ, նոր բռնութիւններ եւ նոր յարձակումներ: Միացեալ Նահանգներու հարկատուներուն միջոցներով ֆինանսաւորուող բռնութիւնները կ՛իրականացուին ամերիկեան շահերուն հաշուոյն եւ կը յանգեցնեն նոր կորուստներու` մարդկային կեանքերու ու հայրենի հողերու կորուստի: Գինը կը վճարեն հայերը, մինչդեռ բոլոր օգուտները կը հասնին Պաքուին: Իւրաքանչիւր զիջում եւ իւրաքանչիւր փոխզիջում կը հանդիպի Ազրպէյճանի նոր պահանջներուն: Իսկական խաղաղութիւնը, արդար խաղաղութիւնը կը պահանջէ պատասխանատուութիւն: Անիկա պէտք է սկսի նոյնինքն այստեղ` Ուաշինկթընի մէջ, մեր Քոնկրեսին մէջ եւ մեր կառավարութեան կողմէ:
«Այդ կը նշանակէ ապահովել արդէն 1000 օր անազատութեան մէջ պահուող պատանդներու անյապաղ ազատ արձակումը, ապահովել ազրպէյճանական զօրքերի դուրսբերումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն, ապահովել արցախահայութեան անվտանգ վերադարձը Արցախ` միջազգային երաշխիքներու եւ հովանաւորութեան ներքեւ, ապահովել քրիստոնէական սրբավայրերու եւ հոգեւոր ժառանգութեան պաշտպանութիւնը, լիարժէքօրէն կիրարկել Ազրպէյճանի նկատմամբ գործող օրէնսդրական սահմանափակումներն ու պատժամիջոցները եւ պաշտպանել ամերիկացի հարկատուները` թոյլ չտալով, որ անոնց միջոցները նպաստեն հետապնդումներուն եւ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն»:
Արամ Համբարեան ըսաւ, թէ Պաքուն կ՛ըսէ, որ այս պահանջները խոչընդոտներ են խաղաղութեան ճանապարհին, եւ միեւնոյն ժամանակ նկատեց. «Սակայն իրականութիւնը այն է, որ անոնք նոյնինքն իսկական եւ կայուն խաղաղութեան հիմնաքարերն են: Խաղաղութիւն, որ հիմնուած է արդարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ կրօնական ազատութեան վրայ»: