Փեսքով. «Ռուսիոյ Եւ Հայաստանի Յարաբերութիւնները Պիտի Զարգանան»

Ռուսիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները պիտի զարգանան: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:

«Մենք պիտի շարունակենք Հայաստանի հետ մեր յարաբերութիւնները, բազմաթիւ հասարակաց գործեր ունինք: Մենք Հայաստանի մէջ լուրջ ներդրող ենք` իբրեւ Ռուսիա, ուստի գործերը շատ են, եւ յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն զարգանալ», լրագրողներուն ըսած է Փեսքով:

Ան նշած է, որ Երեւան այժմ կը գտնուի իր զարգացման ուղին ընտրելու հոլովոյթին մէջ:

«Մենք կը տեսնենք, որ Հայաստանը եւ Հայաստանի ղեկավարութիւնը այժմ կը գտնուին խաչմերուկի վրայ: Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը խօսի զարգացման ուղիի յառաջիկայ ընտրութեան մասին: Մեզի համար ասիկա կարեւոր է, որովհետեւ բազմաթիւ դարերու ընթացքին Ռուսիան եւ Հայաստանը եղած են դրացի երկիրներ, եղբայրական երկիրներ», ըսած է Քրեմլինի բանբերը:

«Ռուսիան յոյս ունի, որ Երեւան վերջնական հաշուով ընտրութիւն պիտի կատարէ յօգուտ Եւրասիական տնտեսական միութեան, քանի որ համարկումի այս գործընթացը զգալիօրէն աւելի ձեռնտու է, քան Հայաստանի Եւրոպական Միութեան հաւանական անդամակցութիւնը», յայտարարած է Փեսքով:

«Մենք համոզուած ենք, որ համարկումի այս  հոլովոյթը, մասնաւորաբար` ԵԱՏՄ-ն, ամէն տարի Հայաստանի մէջ Համախառն ներքին արտադրութեան աճին կու տայ զգալի տոկոս: Եւ մենք համոզուած ենք, որ իր բոլոր որակական բնութագիրներով մեր համարկումի գործընթացը զգալիօրէն կը գերազանցէ այլ այլընտրանքներու: Եւ մենք յոյսով ենք, որ նախ եւ առաջ հայ ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ ներկայ հայկական ղեկավարութիւնը իրավիճակի վերլուծման իբրեւ արդիւնք պիտի գան նոյն տեսակէտին», նշած է ան:

Leave a Comment