Լիբանան-Բրիտանիա բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբը, որուն անդամ են Իպրահիմ Քանաանը (նախագահ), Ֆուատ Մախզումին, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին, Նիքոլա Սահնաուին, Քամիլ Շամունը եւ Էտկար Թրապուլսին խորհրդարանին մէջ գումարեց ժողով մը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հէյմիշ Քաուըլի:
Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ այն, թէ Բրիտանիան ինչպէ՛ս կրնայ նպաստել միջազգային ընտանիքը մղելու գործադրելու ՄԱԿ-ի որոշումները, ներառեալ Լիբանանէն Իսրայէլի հեռացումը, բանակի ճամբով պետութեան գերիշխանութեան լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ տարածումը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին տրամադրուող բրիտանական աջակցութիւնն ու զայն զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը: