Վասիլիեւ. «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Անվտանգութեան Ապահովման Միացեալ Նահանգներու Ծրագիրները Կրնան Հայաստանի Շուրջ Հետագայ Սրումի Յանգեցնել»

«Զանգեզուր միջանցք»-ի անվտանգութեան իբրեւ թէ ապահովման Միացեալ Նահանգներու ծրագիրները եւ արեւմուտքի ոչ բարեկամական քայլերը կրնան Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ շրջանին մէջ հետագայ սրումի յանգեցնել: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Ս. Փեթերսպուրկի միջազգային իրաւաբանական համախմբումի ընթացքին յայտարարած է ՀԱՊԿ-ի Մշտական խորհուրդի գործող նախագահ Վիքթոր Վասիլիեւ:

«Առանձին պէտք է կանգ առնել Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակին վրայ, ներառեալ հաշուի առնելով Հայաստանի մէջ կատարուած ընտրութիւնները: «Զանգեզուրի միջանցք»-ի անվտանգութեան իբրեւ թէ ապահովման Միացեալ Նահանգներու ծրագիրները, Հայաստանը իրենց զինուորական կառոյցներուն մէջ ներառելու Եւրոպական Միութեան երկիրներու մտադրութիւնները, ինչպէս նաեւ այս շրջանին մէջ այլ ոչ բարեկամական քայլերը հեռանկարին մէջ պիտի յանգեցնեն իրավիճակի հետագայ սրման: Մենք իրավիճակը կը պահենք վերահսկողութեան տակ», նշած է Վասիլիեւ:

Ան նաեւ յայտնած է. «Բնականաբար, ՀԱՊԿ-ին Հայաստանի հետագայ անդամակցութեան հարցը նոյնպէս պիտի դառնայ բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ ամէնէն մանրակրկիտ ուշադրութեան եւ քննարկման առարկայ»:

 

Leave a Comment