Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին 34 Միլիոն Եւրոյի Անյետաձգելի Աջակցութիւն Կը Տրամադրէ

Եւրոպական յանձնաժողովը Հայաստանի յատկացուց 34 միլիոն եւրօ` սեփական հատուածին վրայ Ռուսիոյ կողմէ առեւտուրի սահմանափակումներու հետեւանքները մեղմացնելու նպատակով: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը:

«Նախագահ Ֆոն Տեր Լեյենի եւ վարչապետ Փաշինեանի հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ընդամէնը երկու շաբաթ ետք Եւրոպական Միութիւնը արդէն իսկ կը կատարէ Հայաստանի եւ անոր ժողովուրդի աջակցութեան ուղղութեամբ ստանձնած յանձնառութիւնները:

«Այս ֆինանսական աջակցութիւնը նախագահ Ֆոն Տեր Լեյենի կողմէ յայտարարուած համապարփակ աջակցութեան փաթեթի առաջին բաժինն է, որ կը ներառէ Հայաստանի տնտեսական դիմակայունութեան ամրապնդման ուղղուած առեւտուրի դիւրացման եւ համերաշխութեան քայլերը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Մայիսի սկիզբին Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան վեհաժողովի ծիրին մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու հիման վրայ Եւրոպական Միութիւնը եւ Հայաստանը պիտի շարունակեն սերտ համագործակցութիւնը` խորացնելով գործարար կապերը եւ ընդլայնելով հայ արտադրողներու համար շուկաներու մատչելիութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

«Առեւտրական սահմանափակումներէն տուժած ոլորտները, ներառեալ երկրագործական արտադրութեան, ծաղկաբուծութեան եւ արտածման ուղղուած այլ ճիւղերը, պիտի ստանան լրացուցիչ աջակցութիւն` առեւտուրի խթանման նախաձեռնութիւններու, գործարար կապերու հաստատման քայլերու եւ շուկաներու հասանելիութեան բարձրացման ուղղուած նպատակային ծրագիրներու միջոցով:

«Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Տնտեսական դիմակայունութեան հարցերով յատուկ խումբը կը շարունակէ կանոնաւոր հանդիպումները` ուղղորդելու եւ մշտադիտարկելու այդ քայլերու իրականացումը», կը փոխանցէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը:

Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով եւրոպական յանձնակատար Մարթա Քոս նշած է. «Եւրոպական Միութիւնը հաստատակամօրէն կանգնած է Հայաստանի` իբրեւ գերիշխան, ժողովրդավարական եւ անկախ երկրի կողքին: Մենք կը տրամադրենք ոչ միայն ֆինանսական աջակցութիւն, այլեւ կ՛օգնենք Հայաստանին աւելի դիւրացնել առեւտուրը իր դրացիներու եւ Եւրոպայի հետ: Ասիկա մեր ամէնէն մօտ գործընկերներէն մէկուն նկատմամբ եւրոպական համերաշխութեան գործնական դրսեւորումն է»:

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը կը հաղորդէ, որ Քոս 5 յուլիսին պիտի այցելէ Հայաստան` համագործակցութեան ծիրին մէջ հետագայ գործնական քայլերը քննարկելու եւ զանոնք խթանելու նպատակով:

Leave a Comment