Նշմար. ՖԻՖԱ-ն Եւ ՎԱՐ-ը… – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ԿԱՐՕ Կ.

Մոնտիալի նախօրեակին ՖԻՖԱ-ն յայտարարած էր, թէ նոր օրէնքները խստօրէն պիտի կիրարկուին այս Մոնտիալին… Յոյսով, որ ոչ մէկ սխալով կամ առնուազն չնչին սխալներով կը դիտենք ֆութպոլի կարեւորագոյն մրցաշարքը:

Վերջին կարեւոր մրցաշարքերուն միշտ ալ սխալներ կ՛ըլլային` պատճառ դառնալով ակումբներու կամ ազգային խումբերու պարտութեան… Իրաւարարներ կը պատժուէին կամայ թէ ակամայ սխալներու պատճառով: Անշուշտ ոչ մէկը կրնայ գիտնալ, եթէ դիտմամբ կը գործուին կարգ մը սխալներ, բայց տուեալ խումբերու համակիրներուն համար անոնք «դիտումնաւոր» կը սեպուին բնականաբար:

Բայց դժբախտաբար սպասուածը չեղաւ, եւ Մոնտիալին շատ անգամ աններելի սխալներու ականատես կ՛ըլլանք:

Նախկին Մոնտիալին Արժանթին յաղթած էր: ՖԻՖԱ-ն, ըստ երեւոյթին ձեւով մը կ՛ուզէր «օգնել», որ Մեսսի վերջապէս Մոնտիալ մը շահի:

Երբեմն իրաւարարներ վիճելի փենալթի մը կրնան «շնորհել» խումբի մը, երբ 50 տոկոս գնդակի պայքար ըլլայ, բայց երբ ատիկա կրկնուի նոյն խումբին հետ, կասկածները կրնան բազմանալ:

Նոյնինքն Մեսսի, որ այս Մոնտիալին հեթ-թրիք մը իրագործեց Ալճերիոյ դէմ, աններելի ֆաուլ մը կատարած էր մրցումին ընթացքին` հարուածելով մրցակիցի մը սրունքի ետեւի մկանին, կամ աւելի ճիշդը` կոխելով անոր մկանին, բայց նոյնիսկ ՎԱՐ-ի իրաւարարներու ցուցմունքներէն մեկնելով լեհ իրաւարարը դիտեց տեսարանը կրկնուած ձեւով եւ… ոչ մէկ քարտ տուաւ Մեսսիին, հակառակ ֆութպոլի բոլոր մասնագէտներու կարծիքին: Նոյնինքն Մարսինիաքն էր 2022-ի Մոնտիալի աւարտականը սուլած իրաւարարը, փենալթի մը նուիրած էր Արժանթինի` Տի Մարիայի վրայ շատ «կակուղ» ֆաուլէն ետք:

Զարմանալի բան մըն էր փորթուգալցի Ժոաօ Փինիերոյի ներկայութիւնը այս Մոնտիալին, մանաւանդ իր աններելի սխալներէն ետք «Չեմփիընզ լիկ»-ի կիսաւարտականին Փարիզ Սեն Ժերմեն – Պայերն Միւնիխ մրցումի ընթացքին:

ՖԻՖԱ-ն արդեօք «սենարիօ» մը որոշա՞ծ է Մոնտիալը աւելի հետաքրքրական դարձնելու, թէ՞ ոչ, օրերը կը փաստեն:

Բայց ըստ երեւոյթին «սենարիօ»-ն աւելի կարեւոր կրնայ ըլլալ, քան արդարութիւնը:

Ճիշդ է, որ վաճառականութիւն դարձած է ֆութպոլը, բայց յուսանք «համը չփախի»:

 

 

Leave a Comment