Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր յայտարարեց, որ կը խզէ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ղեկավար Քայա Քալլասի հետ բոլոր կապերը` վերջինս մեղադրելով Իսրայէլի նկատմամբ «ակնյայտ անարդար վարուելու» յանցանքով:
Սահեր ընկերային ցանցերու վրայ կատարած գրառումին մէջ քննադատեց Քալլասը` Իսրայէլը ցեղային խտրականութեան (ափարթայտի) դարաշրջանի Հարաւային Ափրիկէի հետ համեմատելուն համար:
Սահեր շնորհակալութիւն յայտնեց բազմաթիւ եւրոպացի երեսփոխաններու, որոնք դատապարտած են Քալլասի յայտարարութիւնը:
«Սակայն մինչեւ օրս անոր կողմէ այս խիստ յայտարարութեան վերաբերեալ որեւէ հերքում, պարզաբանում կամ պատասխան չէ եղած», գրած է իսրայէլացի նախարարը:
«Հետեւաբար, իբրեւ Իսրայէլի պետութեան արտաքին գործոց նախարար, ես այլընտրանք չունիմ, քան խզել տիկին Քալլասի հետ բոլոր կապերը, մինչեւ որ ան հրաժարի աշխարհի միակ հրէական պետութեան, որ նաեւ Միջին Արեւելքի միակ ժողովրդավարութիւնն է, հասցէագրուած իր արեան զրպարտութենէն», գրած է իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը: