Խուզարկութիւններ` «Հայաստան» Դաշինքի Կեդրոններուն Մէջ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան նախանցեալ օր անդրադարձած է ընդդիմադիր ուժերու նախընտրական գործունէութեան եւ իրաւապահ մարմիններու գործողութիւններուն:

Անոր համաձայն, Փտածութեան դէմ պայքարի կոմիտէն խուզարկութիւններ իրականացուցած է «Հայաստան» դաշինքի շարք մը նախընտրական կեդրոններու մէջ, ներառեալ Աշտարակի մէջ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախագահ Աշոտ Սիմոնեանի բնակարանին մէջ:

Սաղաթէլեան յայտարարած է, որ իշխանութիւնները նման քայլերով կը փորձեն խոչընդոտել ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու աշխատանքը եւ սահմանափակել անոնց նախընտրական գործունէութիւնը: Ան նշած է, որ, իր գնահատումով, այդ գործողութիւններուն նպատակն է ազդեցութիւն գործադրել «Հայաստան» դաշինքի աջակիցներուն, համակիրներուն եւ ընտրողներուն վրայ:

Պատգամաւորը վստահեցուցած է, որ նման մեթոտներով կարելի պիտի չըլլայ  խաթարել իրենց գործունէութիւնը եւ հասնիլ ցանկալի արդիւնքի:

Ան նաեւ կոչ ուղղած է միջազգային դիտորդներուն ուշադրութիւն դարձնելու տեղի ունեցող գործընթացներուն եւ անոնց վերաբերեալ համապատասխան գնահատականներ հնչեցնելու:

 

Leave a Comment