Ռուպիօ. «Ռուսիան Գոհ Չէ Հայաստանի Մէջ Ամերիկայի Ներգրաւուածութենէն»

«Ռուսերը, մեղմօրէն ըսած, գոհ չեն Հայաստանի մէջ մեր ներգրաւուածութենէն»: Այս մասին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ:

«Կը կարծեմ` կան փաստեր, որոնք կը վկայեն, որ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու խորացման պատճառով անոնք կը փափաքէին, որ գործող վարչապետը պարտուէր ընտրութիւններուն», նշեց ան:

Ռուպիօ աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներ չեն ստիպեր Հայաստանին` խզել բարեկամական կապերը այլ երկիրներու հետ:

«Մենք պարզապէս կ՛ուզենք, որ մեր յարաբերութիւնները կառուցուին ոչ միայն խաղաղութեան վրայ: Խաղաղութիւնը կարեւոր է, բայց ատիկա միայն սկիզբն է, որ կը բանայ տնտեսական կարելիութիւններ», շեշտեց նախարարը:

 

Leave a Comment