Ուքրանիա Յարձակում Գործեց Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Գտնուող Ենթակառոյցներու Վրայ

Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու անօդաչու թռչող սարքերը յարձակած են Ս. Փեթերսպուրկի Քորնշթատթի, Քիրովի եւ Քրասնոսելսքի շրջաններուն մէջ գտնուող ենթակառոյցներու վրայ` պատճառելով վնասներ: Արձանագրուած են քանի մը վիրաւորներ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է քաղաքի կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

Ս. Փեթերսպուրկի մէջ խափանումներ տեղի ունեցած են բջիջային համացանցի աշխատանքին մէջ: Քաղաքի «Փուլքովօ» օդակայանին մէջ չեղեալ նկատուած կամ յետաձգուած են աւելի քան 30 թռիչքներ:

Նշենք, որ երէկ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ընթացք առաւ Փեթերսպուրկի միջազգային տնտեսական խորհրդաժողովը, որ մինչեւ 6 յունիս պիտի տեւէ: Այս տարի խորհրդաժողովը նուիրուած է «Գործնապաշտական երկխօսութիւն` ուղի դէպի կայուն ապագայ» նիւթին:

Փեթերսպուրկի միջազգային տնտեսական խորհրդաժողովին կը մասնակցին աւելի քան 130 երկիրներ ու տարածքներ, որոնց շարքին` Ռուսիոյ ոչ բարեկամ եօթը երկիրներ:

 

Leave a Comment