Ընդդիմադիր Գործիչ Ալեքսան Ալեքսանեան` Ձերբակալուած

Քննչական կոմիտէն երէկ յայտարարեց, որ բացայայտուած է բազմաթիւ անձեր նիւթապէս շահագրգռելու եւ առանձնապէս մեծ չափերով դրամի լուացման դէպք: «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի աջակից Ալեքսան Ալեքսանեան ձերբակալուած է:

Ըստ Քննչական կոմիտէին, Ալեքսանեան, հանդիսանալով «Մեր ձեւով ազգային արժէքներու պահպանութիւն» հասարակական կազմակերպութեան հիմնադիրն ու ղեկավարը, 2025 թուականի սեպտեմբերէն մինչեւ 2026 թուականի մայիսը ձեւական աշխատանքի ընդունած է շուրջ 1400 քաղաքացի` զանոնք ներգրաւելով Սամուէլ Կարապետեանի աջակիցներու, «Մեր ձեւով» հասարակական կազմակերպութեան եւ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան կազմակերպած հաւաքներուն ու ցոյցերուն: 1400 մարդոցմէ աւելի քան 400-ը համատեղութեամբ աշխատած են նաեւ այլ ընկերութիւններու մէջ:

Ըստ հաղորդագրութեան, Ալեքսան Ալեքսանեան հասարակական կազմակերպութեան հաշիւներուն փոխանցուած գումարներէ իբրեւ աշխատավարձ եւ ատոր հաւասարեցուած այլ վճարումներ յատկացուցած է 703 միլիոն 835 հազար 953 դրամ, իսկ իբրեւ քաղաքացիաիրաւական պայմանագիրով աշխատանքի վարձատրութիւն` 59 միլիոն 428 հազար 521 դրամ` ընդհանուր` 763 միլիոն 264 հազար 474 դրամ:

 

Leave a Comment