Վոլոտին. «Փաշինեան Կը Փորձէ Պահպանել Իր Անձնական Իշխանութիւնը»

«Նիկոլ Փաշինեան կ՛օգտագործէ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը` Եւրոպական Միութիւն անցնելու համար», «Թելեկրամ»-ի իր ալիքին մէջ գրած է Ռուսիոյ խորհրդարանի ստորին պալատի` Պետական տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտին:

«Փաշինեան կը ցանկայ իր բոլոր խնդիրները լուծել ԵԱՏՄ-ի, նախ եւ առաջ Ռուսիոյ հաշուոյն», պնդած է Վոլոտին:

Ռուս պաշտօնեային համաձայն, Հայաստանի վարչապետը այս գործողութիւններով կը փորձէ «պահպանել իր անձնական իշխանութիւնը, սակայն ատոր գինը շատ բարձր պիտի ըլլայ»:

 

Leave a Comment