Ֆիտան. «Իսրայէլն Ու Թուրքիան Կրնան Առանց Որեւէ Խնդիրի Բնականոն Յարաբերութիւններու Վերադառնալ»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիան ու Իսրայէլը կրնան լիարժէք բնականոն յարաբերութիւններու վերադառնալ, սակայն ատիկա պայմանաւորեց Իսրայէլի` «պաղեստինցիները սպաննելը» եւ «Կազայի մէջ հիմնական մարդկային կարիքներու հասանելիութեան արգելակումը» դադրեցնելով: Այս մասին հաղորդեց «Ռեկա նիուզ»-ը:

Ֆիտան նաեւ ըսաւ, որ Իսրայէլ կրնայ Թուրքիոյ, Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Փաքիստանի կողքին համարկուիլ շրջանային անվտանգութեան նոր հարթակին:

Ան, սակայն, յստակ դարձուց, որ այդպիսի քայլ մը պայմանաւորուած պիտի ըլլայ Թել Աւիւի կողմէ դիւանագիտական նկատառելի քայլով մը` 1967 թուականի սահմաններով Պաղեստինի պետութեան իսրայէլեան պաշտօնական ճանաչումով:

Leave a Comment