Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով, ՀՄԸՄ Անթիլիաս 98-67 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անդրանիկը, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնի դաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս քիչ մը դանդաղ սկսաւ մրցումը, բայց հետզհետէ մարզիկները իրենք զիրենք գտան եւ շատ աւելի լաւ շարունակեցին մրցումը:
26-18 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, ՀՄԸՄ աւելի կէտեր կրցաւ նշանակել Բ. մասին, միեւնոյն ժամանակ աւելի լաւ պաշտպանելով (30-10): Գ. մասին վիճակը նոյնն էր, ինչ որ առիթ տուաւ մարզիչին, որ վերջին մասին գրեթէ պահեստի մարզիկներով խաղայ, մանաւանդ երբ տարբերութիւնը 42 կէտերու հասաւ:
Առանց օտար մարզիկներու շարունակուող ախոյեանութեան, ՀՄԸՄ Անթիլիասի լաւագոյն մարզիկներէն էին Ռիմ Ղալի եւ Ամար Մանսուր, որոնք յաջորդաբար երկրորդ մրցումն ըլլալով կը փայլին:
Ռիմ Ղալի 34 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Ամար Մանսուր 14 կէտ նշանակեց 10 ռիպաունտներու կողքին: Մեղրի Թորոսեան (13 կէտ), Փերլա Պու Նասր (12 կէտ), Թալա Շամմաս (8 կէտ), Էլիսա Ապու Ժաուտէ (6 կէտ), Կապի Սաատ (6 կէտ), Ալիք Քէշիշեան (3 կէտ) եւ Անիելլա Հաւանճեան (2 կէտ) իրենց կարգին բաւական լաւ ելոյթ ունեցան:
Անդրանիկի լաւագոյն մարզիկն էր Լեթիսիա Ֆաքիհ, որ 4 յաջող 3 կէտեր նշանակեց:
Վաղը ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի հիւրընկալէ Մթայլեպը` Մըզհերի մէջ, ժամը 20:30-ին: