Մոսկուայէն կրկին լուսարձակի տակ առին Հայաստան-Ռուսիա կապերուն մէջ յառաջացած ճեղքերն ու անոնց հետեւանքները: Արդարեւ, Ռուսիոյ Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու յայտարարեց, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը վերջերս կը ձեռնարկէ այնպիսի քայլերու, որոնք անհամատեղելի են Ռուսիոյ հետ դաշնակցային յարաբերութիւններու ոգիին:
Ըստ անոր, Հայաստան միջազգային հարթակներու վրայ պարբերաբար համաձայն կը գտնուի Եւրոպական Միութեան դիրքորոշման եւ միշտ կ՛աշխատի չափանիշերու փոփոխութեան եւ Եւրոպական Միութեան հետ մաքսային ու առեւտրական դրութիւններու համաձայնեցման ուղղութեամբ, «ինչ որ չի կրնար համապատասխանել ԵԱՏՄ-ի ծիրին մէջ Հայաստանի պարտաւորութիւններուն»:
Շոյկու շեշտեց, որ Հայաստան կը ձեռնարկէ ոչ բարեկամական բնոյթի կարգ մը գործողութիւններու, որոնց կարգին` Հայաստանի` Միջազգային քրէական դատարանին միանալը, Ռուսիոյ քաղաքացիները երրորդ երկիրներու յանձնելը, ռուսական տնտեսվարող կառոյցներու գործունէութեան պայմաններու միտումնաւոր վատթարացումը, կառոյցներ, որոնք, ի դէպ, աշխատատեղեր կ՛ապահովեն Հայաստանի տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներու: Ան յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առաւ Երեւանի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովի հարթակի տրամադրումը Քիեւի վարչակարգին` «Ռուսիոյ հասցէին սպառնալիքներու համար»:
Շոյկու թուարկեց տնտեսական, աշխատանքային եւ այլ առաւելութիւններ, զորս Հայաստան կը ստանայ Ռուսիայէն, յիշեց, որ Հայաստանի ընդհանուր ապրանքաշրջանառութեան մէջ Ռուսիոյ մասնաբաժինը կը կազմէ 36 տոկոս, իսկ 2025-ին Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներուն 40 տոկոսը եկած է Ռուսիայէն: Ըստ անոր, Հայաստան Ռուսիոյ կը մատակարարէ իր գիւղատնտեսական արտադրութեան արտածման մինչեւ 98 տոկոսը եւ ոգելից ըմպելիներու 78 տոկոսը: Ան խօսեցաւ նաեւ Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի քաղաքացիներուն տրամադրուած աշխատանքային մեծ առաւելութիւններուն եւ մենաշնորհներուն մասին:
Ռուսիոյ կողմէ 20 մայիսին հնչեց նոր առաջարկ մը, ըստ որուն, կարելի է ստեղծել «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ճամբայ» դէպի Հայաստան: Այս մասին ըսաւ Ռուսիոյ հաղորդակցութեան միջոցներու զարգացման ազգային հետազօտական հիմնարկի տնօրէն Վլատիսլաւ Կասումեանով:
«Եթէ կայ «Թրամփի ճամբայ» Ազրպէյճանէն Թուրքիա, ապա ինչո՞ւ չի կրնար ըլլալ «Փութինի ճամբայ» Ռուսիայէն` Աբխազիոյ եւ Վրաստանի տարածքով դէպի Հայաստան», հարց տուաւ ան:
Կալուզին. «Երեւանը Չի Լսեր Արեւմուտքի Նպատակներուն Վերաբերեալ Ռուսիոյ Նախազգուշացումները»
Ռուսիա կը զգայ, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը տրամադրուածութիւն չի ցուցաբերեր` անսալու նախազգուշացումներուն Արեւմուտքի նպատակներուն վերաբերեալ, որոնց ընդմէջէն վերջինս կ՛ուզէ այդ երկիրը օգտագործել Եւրոպական Միութեան անհեռանկարային քաղաքականութեան իրականացման համար: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Միխայիլ Կալուզին` Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի յատուկ աշխատանքային խումբի նիստէն ետք:
Կալուզինի համաձայն, ռուսական կողմը կը զգայ, որ հայկական իշխանութիւնները հակուածութիւն չեն ցուցաբերեր` լսելու Ռուսիոյ նախազգուշացումները, թէ Արեւմուտքի, ներառեալ Մոսկուայի նկատմամբ բացայայտ թշնամական քաղաքականութիւն վարող Եւրոպական Միութեան իրական նպատակն է` Հայաստանը օգտագործել Ռուսիոյ դէմ, հանրապետութիւնը օգտագործել արեւմտեան երկիրներու, նախ եւ առաջ` Եւրոպական Միութեան զուր եւ անհեռանկարային քաղաքականութեան իրականացման գործին մէջ, որ ուղղուած է Ռուսիան հանրայայտ ռազմավարական պարտութեան մատնելուն: