Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հանրապետութիւններու սահմանային անցակէտին վրայ, ապա Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան «Ջրառ» փակ բաժնետիրական ընկերութեան վարչական շէնքին մէջ տեղի ունեցած է «Սարդարապատի կարգաւորիչ շահագործման» եւ «Ախուրեանի ջրամբարի շահագործման» մնայուն գործող անդրսահմանային ջրային աղբիւրներու կառավարման հայ-թրքական յանձնախումբերու հանդիպումը: Այս մասին կը հաղորդեն Հայաստանի Հանրապետութեան ջրային կոմիտէէն:
Ողջոյնի խօսք արտասանած է «Ջրառ» փակ բաժնետիրական ընկերութեան տնօրէն Տիգրան Վարդանեան:
Ան նշած է, որ կնքուած փաստաթուղթերը կազմուած են երկուստեք շահաւէտ պայմաններով:
Հանդիպումի ընթացքին ձեռք բերուած են շարք մը կարեւոր համաձայնութիւններ: