Երէկ ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքը Ապարանի եւ Թալինի մէջ քաղաքացիներուն հետ բազմամարդ հանդիպումներ ունեցաւ խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւի ծիրին մէջ: Հաւաքներուն ընթացքին «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար, Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան խստիւ քննադատեց իշխանութիւնները եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հանրութիւնը պառակտելու, մարդիկը մէկզմէկու դէմ հանելու եւ երկիրը թուլացնելու համար:
«Այս մարդը չի հասկնար, որ նախընտրական ժամանակաշրջան է, թէ նախընտրական չէ, իշխանութեան կը լսեն նաեւ դուրսը: Երբ դուն կը խօսիս, լեզուիդ կու տաս, Ռուսիոյ պէս երկիրը անմիջապէս կ՛արձագանգէ», յայտարարեց Ռոպերթ Քոչարեան:
Ըստ Քոչարեանի, Փաշինեանի քաղաքականութեան պատճառով է, որ Ռուսիոյ մէջ կը քննարկեն Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան հարցը, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ` ծաղիկներու արտահանման սահմանափակումներու հարցը:
«Երէկուան արձագանգը (խօսքը Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի յայտարարութիւններուն մասին է, «Ա.») ուղղակի շատ վատ նշան է: Ես այդ երկիրը շատ լաւ գիտեմ: Ես տողերու արանքին մէջ կը կարդամ, թէ պաշտօնեաները ի՛նչ կ՛ըսեն: Կ՛ըսեն, որ դուք, ժողովուրդ, խնդիր ունիք այս իշխանութեան հետ: Եւ այն սահմանափակումները, որ արդէն մտցուցած են այդ ծաղիկներու արտահանման հետ կապուած,1000-աւոր մարդոց ուղղակի վնաս պիտի հասցնէ: Ես, անկեղծ ըսեմ, չեմ հասկնար… Լաւ, մտած ես քարոզարշաւին մէջ, չե՞ս կրնար լեզուդ տեղը պահես, գոնէ մեծ պետութիւնները չքննադատես», իր ելոյթին մէջ յայտարարեց Հայաստանի երկրորդ նախագահը: