Ալիեւ. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Ներկայացուցիչներու Փոխադարձ Այցելութիւնները Կը Նպաստեն Իրավիճակի Կարգաւորման»

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Լաթվիոյ նախագահ Էտկարս Ռինքեւիչսի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչներու փոխադարձ այցելութիւնները կը նպաստեն իրավիճակի կարգաւորման:

«Սպիտակ տան մէջ միացեալ հռչակագիրի ստորագրութենէն ի վեր տեղի ունեցած են բազմաթիւ իրադարձութիւններ: Սկսած են առեւտրական յարաբերութիւններ, մասնաւորապէս` քարիւղամթերքի արտահանումը Ազրպէյճանէն Հայաստան», ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն ըսած է Ալիեւ:

 

Leave a Comment