Ծանրաբարձութիւն. Գոռ Սահակեան, Գառնիկ Չոլաքեան Եւ Ալեքսանտրա Գրիգորեան` Արծաթ Մետալակիրներ

Վրաստանի Պաթումի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան մրցումներուն, երկու անգամ Եւրոպայի ախոյեան Գոռ Սահակեան դարձաւ Եւրոպայի փոխախոյեան:

71 քկ կշիռի տղոց մրցումներուն, Սահակեան արաշէի մրցումներուն բարձրացուց 150 քկ եւ շահեցաւ փոքր ոսկի մետալ: Էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն, Գոռ Սահակեան 180 քկ կշիռ բարձրացուց եւ գրաւեց 3-րդ դիրքը` շահելով փոքր պրոնզէ մետալ: Երկամարտի հաշիւով Սահակեանի 330 քկ կշիռի արդիւնքով ան դարձաւ Եւրոպայի փոխախոյեան:

60 քկ կշիռի տղոց մրցումներուն, Գառնիկ Չոլաքեան 124 քկ կրցաւ բարձրացնել արաշէի մրցումին` շահելով փոքր արծաթ մետալ: Էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն, Չոլաքեան 150 քկ կրցաւ բարձրացնել` շահելով փոքր պրոնզէ մետալ: Երկամարտի 274 քկ արդիւնքով Չոլաքեան դարձաւ Եւրոպայի փոխախոյեան` 1 քկ նուազ բարձրացնելով պուլկարացի Անկել Ռուսեւէն (275 քկ):

Աղջկանց 58 քկ կշիռի մրցումներուն, Ալեքսանտրա Գրիգորեան երկրորդ անգամ ըլլալով դարձաւ Եւրոպայի փոխախոյեան:

Գրիգորեան արաշէի մրցումներուն կրցաւ 91 քկ բարձրացնել, մինչ էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն ան կրցաւ 119 քկ բարձրացնել` ձեռք ձգելով փոքր պրոնզ մետալ մը: Երկամարտի 210 քկ կշիռի արդիւնքով, Ալեքսանտրա Գրիգորեան անցեալ տարուան նման դարձաւ Եւրոպայի փոխախոյեան: Ախոյեան դարձաւ ուքրանացի Քամիլա Քոնոփովը, որ երկամարտի 221 քկ կշիռի արդիւնք ձեռք ձգեց:

Leave a Comment