Իսլամապատի մէջ Իրանի դեսպան Ռիտա Ամիրի, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի երեքշաբթի գիշեր ճշդած պայմանաժամի աւարտէն ժամեր առաջ նշեց, որ պատերազմը դադրեցնելու Փաքիստանի «դրական ու շինիչ» ջանքերը կը մօտենան «վճռական ու նուրբ» փուլի:
Մինչ այդ, Թրամփ յայտարարեց, որ Իրանի զինադադարի հաստատման համար ճշդած պայմանաժամը մէկ օրով կ՛երկարաձգէ, որմէ ետք «իրանցիները քարէ դար պիտի վերադառնան», եթէ համաձայնութիւն չկնքուի:
Սպիտակ տան ղեկավարը, սակայն, աւելի ուշ «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ գրառում մը կատարելով յայտարարեց. «Ամբողջ քաղաքակրթութիւն մը այս գիշեր պիտի մահանայ եւ երբեք պիտի չվերադառնայ: Չեմ ուզեր, որ ատիկա պատահի, սակայն մեծ հաւանականութեամբ պիտի պատահի: Թերեւս յեղափոխական հոյակապ բան մը պատահի … Ո՛վ գիտէ: Շանթաժի, փտածութեան եւ մահուան 47 տարիները վերջապէս այսօր պիտի աւարտին»:
Սպիտակ տունը երկուշաբթի օր յայտարարած էր. «Թրամփ հաւանութիւն չտուաւ միջնորդներուն Իրանի հետ 45-օրեայ զինադադար հաստատելու առաջարկին»:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս երէկ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ ինքնավստահ կը զգան, թէ մինչեւ գիշերուան ժամը 8:00-ը (Պէյրութի ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 3:00-ը) տակաւին կրնան իրանեան պատասխան մը ստանալ:
Ան նշեց, որ Ուաշինկթըն մեծ մասամբ իրագործեց Իրանի մէջ իր զինուորական նպատակները` աւելցնելով. «Յառաջիկայ ժամերուն Իրանի հարցով աշխուժ բանակցութիւններ տեղի պիտի ունենան»:
«Ուաշինկթըն ունի Իրանի դէմ օգտագործելի գործիքներ, զորս տակաւին չօգտագործեց», շեշտեց Վանս:
Փաքիստանցի պաշտօնատար մըն ալ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց. «Իրան ճկունութիւն ցոյց կու տայ, սակայն տակաւին իր նախապայմաններուն վրայ կը պնդէ»` աւելցնելով. «Հակամարտութեան մագլցումի պարագային, պաշտպանութեան համաձայնութեան հիմամբ Սէուտական Արաբիոյ կողքին պիտի կանգնինք»:
Փաքիստանեան երկու աղբիւրներ լրատու գործակալութեան ըսին, թէ Իրանի հետ հաղորդակցութիւնը կը շարունակուի, եւ աշխուժ ջանքեր կը թափուին երկու կողմերը բանակցութեան սեղան բերելու:
Իրանեան ականաւոր աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Եթէ կացութիւնը վերահսկողութենէ դուրս գայ, Իրանի դաշնակիցները նաեւ Պապ Մանտեպը պիտի փակեն»:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք յայտարարեց, թէ Իրանի մէջ ելեկտրակայաններու եւ կամուրջներու վրայ սպասուող ամերիկեան յարձակումները միջազգային օրէնքի խախտում պիտի ըլլան:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Փաքիստանի միջնորդական ջանքերը` բոլոր կողմերուն կոչ ուղղելով` «խաղաղութեան առիթը օգտագործելու»:
Քուէյթի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Թութունժի ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին Ծոցի երկիրներուն կոչ ուղղեց` Միացեալ Նահանգներու նախագահին Իրանի մէջ քաղաքային ենթակառոյցները քանդել սպառնալէն ետք, ամէն ջանք թափելու «շրջանին մէջ նման ողբերգութեան մը տեղի ունենալը կանխարգիլելու համար»:
Ուքրանական հետախուզութեան մօտիկ աղբիւր մը իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին յայտնած է, որ ռուսական հետախուզութիւնը Իրանին տրամադրած է մանրամասն ցուցակ մը, որ Իսրայէլի մէջ ուժանիւթի կենսական ենթակառոյցներու 55 թիրախներ կը պարունակէ:
Ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, «Միացեալ Նահանգներու Իրանի դէմ շղթայազերծած պատերազմի ընթացքին աւելի քան 370 ամերիկացի զինուորներ վիրաւորուած են»:
Աղբիւրներ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնեցին. «Միջնորդներուն կարծիքով, Իրանի մէջ որոշում տալու գործընթացը դանդաղ է»:
Աղբիւրներ «Աքսիոս»-ին ըսին. «Միջնորդները կ՛աշխատին տարբեր նախագիծերու վրայ` երաշխաւորելու համար զինադադար մը, որ թշնամական արարքներու տեւական դադրեցման կը յանգեցնէ»:
«Ներկայիս գլխաւոր տարակարծութիւնը պատերազմի տեւական դադրեցման Իրանի պահանջն է», աւելցուցին անոնք:
Մինչ այդ, իսրայէլացի պաշտօնատարներ «Աքսիոս»-ին յայտնեցին. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Թրամփը զգուշացուց զինադադար գոյացնելէ»:
Նախքան այդ, ամերիկեան աղբիւրներ ամերիկեան կայքին յայտնած էին, թէ միջնորդները կողմերուն հետ կը քննարկեն երկու փուլերէ բաղկացած եւ 45 օր տեւողութեամբ զինադադարով սկսող համաձայնութեան մը պայմանները: Լաւատեղեակ աղբիւր մը իր կարգին «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած էր. «Իրանն ու Ամերիկան ստացան երկու փուլերէ բաղկացած համաձայնութեան ծրագիր մը, որ կը ներառէ զինադադար, ապա վերջնական համաձայնութիւն մը»:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի դիրքորոշումներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բացը կարելի չէ Թրամփի ճշդած պայմանաժամի աւարտէն առաջ լեցնել:
Ըստ օրաթերթին, Թրամփ իր անձնական զրոյցներուն ընթացքին Իրանի հետ համաձայնութեան հասնելու կարելիութեան նկատմամբ նուազ լաւատես դարձած է:
Մինչ այդ, Սպիտակ տան բանբերը հաղորդեց, թէ միայն Թրամփ գիտէ, թէ ի՛նչ պիտի ընէ:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» մէջբերելով աղբիւրներ կը գրէ, որ Թրամփ կը փորձէ վերջ տալ Իրանի մէջ պատերազմին` յարգելով ամերիկացիներուն երկարատեւ զինուորական գործողութիւններու մէջ ներքաշուելուն մերժումը:
Աղբիւրները օրաթերթին աւելցուցած են, որ հանրապետականները մտահոգ կը թուին պենզինի գիներու բարձրացման հաւանականութենէն եւ նոյեմբերին միջանկեալ ընտրութիւններուն վրայ անոր ազդեցութենէն:
Դիւանագիտական աղբիւր մը իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին յայտնեց. «Գնահատումները ցոյց կու տան, թէ Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար Ահմետ Ուահիտին է, որ Իրանի մէջ իրողական որոշումները կու տայ»:
Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ամերիկեան-իսրայէլեան յարձակումներ թիրախաւորած են Իրանի հարաւը գտնուող Խարք կղզին, ուր պայթումի ձայներ լսուած են: Պայթում տեղի ունեցած է նաեւ Թեհրանի արեւմուտքը գտնուող Քարժ քաղաքին մէջ, ուր ելեկտրականութիւնը անջատուած է:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը շրջանի պետութիւնները զգուշացուց. «Ինքնազսպումը վերջ գտաւ: Պիտի հարուածենք Միացեալ Նահանգներուն ու անոնց գործընկերներուն ենթակառոյցները»: