ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան 25 մարտին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Պելճիքայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էրիք տը Մույնքը:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստան-Պելճիքա միջպետական յարաբերութիւններու, խորհրդարանական փոխգործակցութեան եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ: Այս պարունակին մէջ կարեւոր նկատուած է Պելճիքայի Դաշնակցային խորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի յառաջիկայ այցելութիւնը Հայաստան, ինչ որ նոր խթան պիտի հանդիսանայ երկկողմանի խորհրդարանական փոխգործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ:
Արմէն Ռուստամեան, իբրեւ Հայաստան-Պելճիքա խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ, շնորհակալութիւն յայտնած դեսպանին` Հայաստանին ու հայութեան վերաբերող հարցերուն մէջ Պելճիքայի սկզբունքային դիրքորոշումներուն համար: