. ԹՈՒՐՔԻՈՅ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան. «Նեթանիահուն ոչ միայն Իրանի վրայ յարձակում կը գործէ, այլ իր ծրագիրները կը գործադրէ նաեւ Լիբանանը բռնագրաւելով»:
. ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս. «Կարեւոր է, որ Լիբանանն ու Իսրայէլը միասնաբար նստին կարգաւորման եւ խաղաղութեան հասնելու համար»:
. «ԱՆՊԱ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Նախագահական պալատը յոյս կը կապէ ամերիկեան եւ իրանեան կողմերուն միջեւ ընթացող պատերազմի շուրջ սպասուող բանակցութիւններուն, որոնք կրնան պետութեան զէնքի մենաշնորհման որոշումի գործադրութեան եւ պատերազմի ու խաղաղութեան որոշումին առանց գործընկերի տէրը ըլլալու հարցին մէջ ելք մը յառաջացնել»:
. «ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսան Միացեալ Նահանգներէն լսած է վերջնական խօսք մը` «Լիբանանի հետ բանակցութիւններ չկան»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին. «Լիբանանի պետութիւնը մինչեւ այս պահս բանակցութեան խաղաքարտ չունի, եւ զինուորական հոլովոյթը երկար կը թուի: Մարտական զարգացումները կրնան Իրանէն մինչեւ Լիբանան բանակցային նոր իրողութիւն մը պարտադրել»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ժատիտ»-ին. «Հըզպալլան փակեց նախագահական պալատին հետ հաղորդակցութեան խողովակներն ու բանակցութեան գիծը, ինչպէս նաեւ այն ենթադրութիւնը, թէ ներկայ իրականութիւնը հետագային կուսակցութեան հետ ուղղակի երկխօսութեան առաջնորդէ»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ մեկնաբանելով հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ Հըզպալլայի միջեւ հաղորդակցութեան ընդհատումը «Ժատիտ»-ին յայտնած են. «Փոխհասկացողութիւններու հիմնական մասը հիմնուած էր երկխօսութեան եւ վերահսկողութեան տակ պահման վրայ, սակայն կառավարական որոշումները ամբողջովին անոնց հակասեցին: Պաապտայի պալատը ատոր դրդապատճառը կը նկատէ Հըզպալլայի կատարած մագլցումն ու համաձայնութիւնը չյարգելը», նշած են աղբիւրները:
. ՍՆՆԴԵՂԷՆ ներածողներու սենտիքայի նախագահ Հանի Պահսալի յայտարարեց. «Մենք մատակարարումներու առումով ապահով ենք, որովհետեւ հիմնական աղբիւրը Պէյրութի նաւահանգիստն ու Պէյրութի օդակայանն են, եւ այնքան ատեն որ նաւահանգիստը տակաւին կը գործէ, ապա պահեստաւորման ու ապրանքներու հասանելիութեան մէջ խնդիր չկայ»: