2026-ի Մոնտիալի Պատրաստութեան Նախօրեակին. Այսօր Մեծ Թիւով Բարեկամական Մրցումներ

Այսօր եւ մինչեւ երեքշաբթի օր տեղի պիտի ունենան մեծ թիւով բարեկամական փորձ-մրցումներ, որոնց ընթացքին մանաւանդ Մոնտիալին մասնակցող խումբեր պիտի փորձեն ընտրել իրենց վերջնական 23 մարզիկները յառաջիկայ մայիսին:

Թեկնածու երկիրներ, ինչպէս` Սպանիա, Ֆրանսա, Արժանթին, Պրազիլ, Անգլիա, Փորթուգալ եւ Գերմանիա կարեւոր մրցումներ ունին, մինչ եւրոպական ակումբներ ձեռքերը իրենց սրտերուն պիտի յուսան, որ իրենց մարզիկները առանց վէրք ստանալու վերադառնան եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի կամ ներքին ախոյեանութիւնները շարունակեն նոյն թափով:

Այսօրուան սպասուած մրցումներէն կրնան ըլլալ Սպանիա – Սերպիա, Անգլիա – Ուրուկուէյ, Նետերլանտներ – Նորվեկիա եւ Զուիցերիա – Գերմանիա մրցումները:

Կէս գիշերէն ետք, Արժանթին պիտի մրցի Մաւրիտանիոյ դէմ, մանաւանդ «Ֆինալիսիմա» մրցումին ջնջուելէն ետք:

Ստորեւ կը ներկայացնենք կարեւորագոյն մրցումները մինչեւ երեքշաբթի օր` նկատի ունենալով, որ Մոնտիալ հասնելու փլէյ-օֆի մրցումներ ալ կան այսօր, ուր Պոլիվիա պիտի մրցի Սուրինամի դէմ, իսկ Նոր Քալետոնիա` Ժամայքայի դէմ:

Առաջին մրցումին յաղթականը պիտի մրցէր Իրաքի ազգային խումբին դէմ, որ սակայն հաւանաբար չմասնակցի ճամբորդութեան հարցերու հետեւանքով, Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող պատերազմին պատճառով, մինչ Քոնկօ պիտի մրցի երկրորդ մրցումին յաղթականին դէմ:

Ստորեւ յայտագիրը.

Քոլոմպիա – Խրուաթիա
Ռուսիա – Նիքարակուա
Աւստրիա – Կանա
Յորդանան – Քոսթա Ռիքա
Մոնթենեկրօ – Անտորրա
Հարաւային Ափրիկէ – Փանամա
Սէուտական Արաբիա – Եգիպտոս
Յունաստան – Փարակուէյ
Լիպիա – Նիկեր
Ալճերիա – Կուաթեմալա
Անգլիա – Ուրուկուէյ
Նետերլանտներ – Նորվեկիա
Զուիցերիա – Գերմանիա
Սպանիա – Սերպիա
Մարոք – Էքուատոր

ՎԱՂԸ
Արժանթին – Մաւրիտանիա
Սան Մարինօ – Ֆարօ կղզիներ
Հարաւային Քորէա – Փղոսկրեայ Ափունք
Սենեկալ – Փերու
Քանատա – Իսլանտա
Հունգարիա – Սլովենիա
Սկովտիա – Ճափոն
Միացեալ Նահանգներ – Պելճիքա

ԿԻՐԱԿԻ
Հայիթի – Թունուզ
Մեքսիքա – Փորթուգալ
Հայաստան – Պիելոռուսիա
Լիթուանիա – Վրաստան
Քոլոմպիա – Ֆրանսա

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Կիպրոս – Մոլտովա
Գերմանիա – Կանա

ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ
Մոնթենեկրօ – Սլովենիա
Նորվեկիա – Զուիցերիա
Սերպիա – Սէուտական Արաբիա
Հունգարիա – Յունաստան
Ռուսիա – Մալի
Հարաւային Ափրիկէ – Փանամա
Անգլիա – Ճափոն
Նետերլանտներ – Էքուատոր
Սպանիա – Եգիպտոս
Ալճերիա – Ուրուկուէյ
Սենեկալ – Կամպիա
Աւստրիա – Հարաւային Քորէա
Սկովտիա – Փղոսկրեայ Ափունք

Leave a Comment