Հայ ըմբիշ Լեւիկ Միքայէլեան (61 քկ) ոսկի մետալ նուաճեց 2026-ի մինչեւ 23 տարեկաններու ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ Զրենիանին քաղաքին մէջ (Սերպիա):
Այս ձեւով Միքայէլեան երկրորդ անգամ ըլլալով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան: Աւարտականին Միքայէլեան, ինչպէս տարի մը առաջ հանդիպեցաւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչ Ճէյհուն Ալլահվերտիեւի հետ, նոյն արդիւնքով յաղթեց անոր (2-1):
Մինչեւ աւարտական Միքայէլեան դուրս ձգած էր Մոլտովայի, Պուլկարիոյ եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչները:
Միքայէլեան այս ձեւով ունեցաւ մինչեւ 23 տարեկաններու 2 ոսկի մետալ, ինչպէս նաեւ մինչեւ 20 տարեկաններու 2 արծաթ մետալ:
Հայաստանի հաւաքականին համար այս մրցանակը եղաւ միակ ոսկի մետալը, մինչեւ 23 տարեկաններու ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը: Աւելի կանուխ, պրոնզէ մետալներ նուաճած էին Արման Յարութիւնեան (57 քկ) եւ Դաւիթ Մարգարեան (70 քկ):
92 քկ կշիռի պրոնզէ մետալի մրցումին Կնեազ Իբոյեան 12-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց ռուս ներկայացուցիչ Մոխամետ Խանիեւէն, որ աւելի ուշ դարձաւ ոսկի մետալակիր:
125 քկ կշիռի պրոնզէ մետալի մրցումին Խաչատուր Խաչատրեան 10-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց լեհ Միխալ Տուպովաքը եւ դարձաւ պրոնզ մետալակիր: