Բացայայտուած Է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Դէմ Ազրպէյճանական Արշաւ` Ազգութեամբ Հայերու Եւ Հայաստանի Ազգային Ժողովի Անդամներու Ներգրաւումով

Լոնտոնի մէջ տեղակայուած «Ափոլլօ Սթրաթիճիք Քոմիւնիքէյշընզ» կազմակերպութիւնը 2 մարտ 2026-ին ամերիկեան լրատուամիջոցներուն ուղարկուած նամակով վերջիններուս խմբագիրներուն առաջարկած է «ոչ հրապարակային քննարկումներ»` նպատակ ունենալով արատաւորել Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը, արժեզրկել ու վարկաբերել անոր գործունէութիւնը:

Ամերիկեան լրատուամիջոցներու ուղարկուած փակ նամակը յայտնուած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին մօտ: Ուշագրաւ է, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին վերաբերեալ խոստացուող «տեղեկատուութիւնը» ամբողջութեամբ կը համապատասխանէ Հայ դատի համակարգին դէմ պայքարին մէջ ազրպէյճանաթրքական շրջանակներու կողմէ օգտագործուող կեղծ պնդումներուն:

Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ «Ափոլլօ Սթրաթիճիք Քոմիւնիքէյշընզ»-ի մայր ընկերութեան` «Առ.Էս.Քէյ. Կրուփ»-ին կը պատկանի «Ազրպէյճան Ինվայրընմընթ էնտ Թեքնոլոճի Սենթըր» դուստր ընկերութիւնը, որ լայնածաւալ ծրագիրներ կ՛իրականացնէ Ազրպէյճանի մէջ, մասնաւորաբար Կասպեան շրջանին մէջ, իսկ «Ափոլլօ»-ն իր գրանցումէն ի վեր` 2009 թուականէն, գործած է քանի մը անուանումներով` «Ռետ Փապլիք Ռիլէյշընզ Լիմիթըտ» եւ «Ափոլլօ Փապլիք Ռիլէյշընզ Լիմիթըտ»:

Ցաւօք, ազրպէյճանական ակնյայտ ուղղորդումով այս արշաւին միացած են նաեւ ազգութեամբ հայեր եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ, ներառեալ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր: Մասնաւորաբար, 2 մարտի նամակով ամերիկեան մամուլի պատասխանատուներուն կ՛առաջարկուի Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը վարկաբեկող տեղեկատուութեան փոխանցում հետեւեալ անձերուն հետ հանդիպումներու միջոցով.

1.- Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան քոնկրեսական յանձնախումբի անանուն աշխատակից,

2.- Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» իշխող խմբակցութեան պատգամաւոր Մարիա Կարապետեան,

3.- Պատմաբան Նժդեհ Յովսէփեան,

4.- «Քառնըկի» հիմնադրամի այցելու-գիտաշխատող Կարօ Փայլան:

Աւելի ուշ, «Էքս»-ի վրայ Կարօ Փայլան հրաժարած է այդ արշաւին մասնակցութենէն` գրելով. «Լրագրողներուն իմ անունով Հայաստանի վերաբերեալ ուղարկուած են հաղորդագրութիւններ, զորս ես չեմ լիազօրած»:

Յատկանշական է նաեւ, որ այս արտահոսքէն ետք «Ափոլլօ Սթրաթիճիք Քոմիւնիքէյշընզ»-ը փակած է իր «Էքս»-ի օգտահաշիւը, իսկ աշխատակիցներու ցանկէն հեռացուցած հրապարակուած նամակը ստորագրած աշխատակից Տենիել Պլէյք-Մարթինի տուեալները:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կատարուածին վերաբերեալ «Ափոլլօ Սթրաթիճիք Քոմիւնիքէյշընզ»-էն կը պահանջէ հետեւեալ հարցերուն պատասխանը.

1.- Ո՞վ վարձած է «Ափոլլօ»-ն` Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին դէմ արշաւ իրականացնելու համար, եւ որքա՞ն գումար վճարուած է:

2.- Եթէ «Ափոլլօ»-ն Ամերիկայի մէջ գործած է յանուն օտար պատուիրատուի` ամերիկեան կազմակերպութեան դէմ, ապա ինչո՞ւ չէ գրանցուած Միացեալ Նահանգներու Արդարադատութեան նախարարութեան մէջ` «Ֆորէյն Էյճընց Ռեճիսթրէյշըն Աքթ» (ՖԱՐԱ) օրէնքին համաձայն:

3.- Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ այս գաղտնի արշաւին մէջ ներգրաւուած են Մարիա Կարապետեանը, Նժդեհ Յովսէփեանը եւ Կարօ Փայլանը:

4.- Ի՞նչ կապեր ունի «Ափոլլօ»-ի մայր ընկերութիւնը` «Առ.Էս.Քէյ Կրուփ»-ը, Ազրպէյճանի, Ալիեւներու ընտանիքի եւ Կասպեան շրջանի ուժանիւթի ընկերութիւններու հետ:

Leave a Comment