ՀՅԴ Լիբանանի Եւ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէներու Ներկայացուցիչները Կ՛այցելեն Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Շաբաթ, 28 փետրուար 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան` ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը վեհափառ հայրապետին ընդհանուր գիծերով պարզեց Արցախի հայութեան կատարած աշխատանքները եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Ան իր գնահատանքը յայտնեց Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան գծով վեհափառ հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տարած աշխատանքներուն:

Վեհափառ հայրապետը իր կարգին շեշտեց Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան հրամայականը եւ այս ծիրին մէջ արցախցիներու վերադարձի իրաւունքը, Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը եւ Արցախի եկեղեցիներուն ու պատմական կոթողներուն պաշտպանութիւնը` միջազգային օրէնքներու համաձայն:

Վեհափառ հայրապետին հետ հանդիպումէն ետք, Արա Պուլուզեան եւ Ալպեր Պալապանեան ուղղուեցան կաթողիկոսարանի Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատուռ եւ ի յիշատակ Սումկայիթի զոհերուն` ծաղկեպսակ զետեղեցին:

Leave a Comment