Էրտողան. «Ծոցի Եղբայրական Պետութիւններուն Վրայ Իրանի Յարձակումները Չենք Կրնար Ընդունիլ, Անկախ Անոր Պատճառներէն»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր յայտարարեց. «Ծոցի եղբայրական պետութիւններուն վրայ Իրանի յարձակումները չենք կրնար ընդունիլ, անկախ անոր պատճառներէն»:

«Բոլոր կողմերը պէտք է աշխատանք տանին չընդլայնելու պատերազմը եւ դադրեցնելու արիւնահեղութիւնը», նշեց ան:

Էրտողան միեւնոյն ժամանակ դատապարտեց Իրանի գերիշխանութիւնը եւ անոր ժողովուրդի կայունութիւնը թիրախաւորող յարձակումները:

«Մեծապէս մտահոգ եմ եւ տխուր կը զգամ Իրանի վրայ կատարուած յարձակումներուն համար», յայտնեց ան:

Թուրքիոյ նախագահական պալատը իր կարգին յայտարարեց. «Կարգ մը ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառուող այն պնդումները, թէ Թուրքիան աջակցած է Իրանի վրայ կատարուած վերջին յարձակումներուն, բացարձակապէս սխալ են, եւ անոնց նպատակը հանրային կարծիքը ապակողմնորոշելն է»:

«Թուրքիան պիտի չարտօնէ իր օդային, ցամաքային կամ ծովային տարածքները, մանաւանդ օդային տարածքը օգտագործել իր մասնակից չեղած որեւէ հակամարտութեան կամ պատերազմի մէջ որեւէ կողմէ գործողութիւններու համար, եւ այս հարցը կը նկատենք մեր արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան հիմնական սկզբունքներէն մէկը», նշեց Թուրքիոյ նախագահական պալատը:

 

Leave a Comment