Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան երէկ հրամանագիր ստորագրած է Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւնը 7 յունիսին նշանակելու մասին:
Հրամանագիրը հրապարակուած է Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքին մէջ, անիկա ուժի մէջ կը մտնէ պաշտօնական հրապարակումին յաջորդող օրէն:
Սահմանադրութեան 91-րդ յօդուածի առաջին մասին համաձայն, որուն յղում կը կատարուի հրամանագիրին մէջ, խորհրդարանի հերթական ընտրութիւն կը կատարուի Ազգային ժողովի լիազօրութիւններու ժամկէտի աւարտէն ոչ կանուխ, քան 60, եւ ոչ ուշ, քան 50 օր առաջ, իսկ 93-րդ յօդուածով` Ազգային ժողովի հերթական եւ արտակարգ ընտրութիւնները կը նշանակէ հանրապետութեան նախագահը:
Ընտրական օրէնսգիրքի 103-րդ յօդուածի 2-րդ մասին համաձայն, որուն նոյնպէս յղում կը կատարուի հրամանագիրին մէջ, «Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւններ նշանակելու մասին հանրապետութեան նախագահը կը հրապարակէ հրամանագիր քուէարկութեան օրէն ոչ ուշ, քան 90 օր առաջ»:
Անցեալ տարուան 7 յունիսին Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան Թելեկրամին մէջ գրած էր, որ Ազգային ժողովի յաջորդ ընտրութիւնները պիտի կայացուին ուղիղ մէկ տարի ետք` 7 յունիս 2026-ին: