Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոսի համաձայն, Եւրոպայի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ուղին կ՛ենթադրէ Թուրքիոյ հետ ամուր գործընկերութեան նախապատրաստութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ «Փոլիթիքօ»-ն:
Պարբերականը կը նշէ, որ իբրեւ յարաբերութիւններու բարելաւման առաջին քայլ` Մարթա Քոս պիտի մասնակցի Թուրքիոյ վերականգնուող ուժանիւթի ոլորտին մէջ ներդրումներ կատարելու համար նախատեսուած 200 միլիոն եւրօ վարկային համաձայնագիրի ստորագրման արարողութեան:
Քոս միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ իր ծրագիրները չեն ներառեր Անգարայի` Եւրոպական Միութեան միանալու շուրջ երկխօսութեան վերսկսում, այլ «նուիրուած են կողմերուն միջեւ վստահութեան վերականգնման» եւ «տնտեսական յարաբերութիւններու» հարցին:
«Փոլիթիքօ» կը նշէ, որ Թուրքիան հետաքրքրուած է Եւրոպական Միութեան հետ 1995 թուականին ստորագրուած մաքսային միութեան համաձայնագիրի բարելաւումով: