Լիլիթ Գալստեան ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Պաշտօնեաներուն Նամակներ Ուղարկած Է` Ներկայացնելով Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Եւ Բռնաճնշումներու Պատկերը

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Լիլիթ Գալստեան յայտարարեց, թէ դեկտեմբերի վերջաւորութեան, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի Ընկերվարականներու եւ ընկերվար-ժողովրդավարներու խմբակցութեան փոխնախագահ եւ ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան մնայուն/ընդդիմադիր անդամ, խորհրդարանական վեհաժողովի փոխնախագահ, շրջանի զեկուցող Լուիշ Կրացիային եւ ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի Մարդու իրաւունքներու հարցերով զեկուցող Քարինա Օտեպրինքին նամակներ ուղարկած է` ներկայացնելով Հայաստանի մէջ … Read more

Թրքական Օդանաւային Ընկերութիւնը Պոլիսէն Երեւան Ուղղակի Թռիչքներ Պիտի Կատարէ

Թրքական օդանաւային ընկերութիւնը այս տարի Պոլիսէն Երեւան կանոնաւոր թռիչքներ պիտի կատարէ: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչ: Ան նշած է, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ քայլ մը եւս կատարուած է: Քըլըչի համաձայն, Թրքական օդանաւային ընկերութիւնը 11 մարտ 2026-էն սկսեալ պիտի սկսի Պոլիս-Երեւան-Պոլիս երթուղիով ամէնօրեայ կանոնաւոր … Read more

Վարչապետարանին Մէջ Սալամ-Հնգեակ Հանդիպում – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց Հնգեակ յանձնախումբի անդամ երկիրներու` Սէուտական Արաբիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Քաթարի եւ Եգիպտոսի դեսպաններ Ուալիտ Պուխարին, Միշել Իսան, Սէուտ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանին եւ Ալա Մուսան: Վերջինս հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Քննարկեցինք շարք մը նիւթեր, որոնց կարեւորագոյնը կառավարութեան որդեգրած տնտեսական բարեկարգումները եւ կառավարութեան կողմէ խորհրդարանին ներկայացուած ելեւմտական բացի ծրագիրն … Read more

Եգիպտոս Սուրիոյ Ճամբով Լիբանան Օրական 50 Միլիոն Խորանարդ Մեթր Կազ Մղելու Սկսա՞ծ Է

Եգիպտացի կառավարական պաշտօնատար մը «Շարք» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, թէ Եգիպտոս կիրակի գիշեր սկսած է կազի արաբական խողովակաշարին ճամբով օրական շուրջ 50 միլիոն խորանարդ մեթր կազ մղել Լիբանան, ինչպէս նաեւ անցեալ շաբթուան վերջաւորութեան սկսած է 50 միլիոն խորանարդ մեթր կազ արտածել Սուրիա: Պաշտօնատարը ըսած է, որ իր երկիրը Սուրիոյ եւ Լիբանանի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է … Read more

Ընտրութիւններու Վերահսկողութեան Մարմինը Տուաւ Իր Երդումը

Երեսփոխանական ընտրութիւններու վերահսկողութեան մարմինը երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի առջեւ տուաւ իր երդումը: Նախագահ Աուն երդման արարողութեան աւարտին խօսքը մարմինի անդամներուն ուղղելով յայտնեց. «Ձեր իրաւասութիւնները կիրարկեցէք օրէնքին համաձայն, որեւէ կողմէ որեւէ ճնշումի դիմաց մի՛ ընկրկիք, եւ պատրաստ եղէ՛ք ընտրութիւնները իրենց ճշդուած ժամկէտին կատարելու, որովհետեւ աշխարհի աչքերը յառած պիտի ըլլան մեր վրայ` … Read more

Պայրագտարեան Գահիրէ Կ՛այցելէ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ մեկնեցաւ Գահիրէ` մասնակցելու համար Արաբական լիկայի կեդրոնատեղիին մէջ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան արաբ նախարարներու խորհուրդի ժողովներուն: Գահիրէի մէջ նախարար Պայրագտարեանը ընդունեց Եգիպտոսի մէջ Լիբանանի դեսպան եւ Արաբական լիկայի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Ալի Հալապի: Պայրագտարեան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան արաբ նախարարներու ժողովներուն կողքին հանդիպումներ պիտի ունենայ իր եգիպտացի, իրաքցի … Read more

Քպէյսի. «Դիմադրութեան Զինաթափումը Պահանջողը Նախ Պէտք Է Իսրայէլէն Հեռանալ Եւ Յարձակումները Դադրեցնել Պահանջէ»

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպէյսի յայտնեց. «Իսրայէլ յստակ կերպով կը ջանայ Դիմադրութիւնը սանձել, զինաթափել, զայն իր կարողութիւններէն ու կարելիութիւններէն զրկել»: «Ցաւալին լիբանանեան կարծիքներն են, որոնք տարբեր վերնագիրներու տակ Դիմադրութեան զինաթափման կոչ կ՛ուղղեն, երբ Դիմադրութիւնը հսկայական զոհողութիւններ կատարեց, եւ անոր ղեկավարները նահատակուեցան հայրենիքի պաշտպանութեան համար», ըսաւ երեսփոխանը: «Հայրենիքը պէտք է թշնամիին դէմ համախմբուի, … Read more

Նշմար. «Ռութին»-ը Եւ Փոփոխութիւնը… – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ԿԱՐՕ Կ. Խմբային մարզական խաղերու մէջ շատ անգամ կը տեսնենք, որ լաւ մարզիկներ ունեցող խումբեր լաւ արդիւնքներ տալէ ետք շրջան մը «կը կաղան», եւ ասոր պատճառները կրնան տեսակաւոր ըլլալ: Կա՛մ այն է, որ մրցակից խումբեր այլեւս գիտեն, թէ այդ խումբը ինչպէ՛ս կը խաղայ, կա՛մ ալ մարզիկները մարզիչին սահմանափակ ոճէն անկախ չեն գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի … Read more

«Էմ. Էմ. Էյ.» 2026-ի Ծառուկեանի Առաջին Յաղթանակը

«Եու. Էֆ. Սի.»-ի թեթեւ կշիռի թիւ 1 դասուած Արման Ծառուկեան յաջողութեամբ սկսաւ ազատ ոճի ըմբշամարտի իր տարեշրջանը: «Ռաֆ 5» մրցաշարքին, Ֆլորիտայի մէջ (Միացեալ Նահանգներ), հայ մարզիկը դիւրին յաղթանակ արձանագրեց Լանս Փալմըրի դէմ մրցումին: Գօտեմարտը հազիւ 2 վայրկեան տեւեց, ուր Ծառուկեան ամբողջովին տիրապետեց իր մրցակիցին վրայ եւ յաղթեց 10-0 արդիւնքով` ոչ մէկ առիթ տալով իր մրցակիցին: … Read more

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա Գերբաժակակիր. Պայերն 8 Կոլեր Նշանակեց. Ինթեր Միլան Անբախտ Էր

Շաբաթավերջին տեղի ունեցան եւրոպական կարեւոր 5 լիկաներու մրցումները: Սպանիոյ մէջ ուշադրութիւնը գրաւած էր Եւրոպայի սպասուած «Քլասիքօ»-ն, ուր Պարսելոնա կրցաւ անգամ մը եւս յաղթել Ռէալ Մատրիտին (3-2)` շահելով իր յաջորդական երկրորդ գերբաժակը: Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ, եղաւ բաւական «տաք» եւ հետաքրքրական: Ռէալ Մատրիտ մրցումին սկիզբը լաւ պաշտպանուեցաւ եւ վստահած էր հակայարձակումներու, բայց առանց … Read more