Պայրագտարեան Գահիրէ Կ՛այցելէ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ մեկնեցաւ Գահիրէ` մասնակցելու համար Արաբական լիկայի կեդրոնատեղիին մէջ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան արաբ նախարարներու խորհուրդի ժողովներուն:

Գահիրէի մէջ նախարար Պայրագտարեանը ընդունեց Եգիպտոսի մէջ Լիբանանի դեսպան եւ Արաբական լիկայի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Ալի Հալապի:

Պայրագտարեան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան արաբ նախարարներու ժողովներուն կողքին հանդիպումներ պիտի ունենայ իր եգիպտացի, իրաքցի եւ յորդանանցի պաշտօնակիցներուն, ինչպէս նաեւ խորհրդաժողովին մասնակից սէուտական պատուիրակութեան հետ:

Leave a Comment