Գահիրէի Մէջ Պայրագտարեանին Յանձնուեցաւ Գնահատման Յուշանուէր Մը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Գահիրէի մէջ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան արաբ նախարարներու խորհուրդի ժողովներու ծիրին մէջ մասնակցեցաւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան ոլորտներու աշխատակիցներու 3-րդ ֆորումի փակման հանդիսութեան, որ Եգիպտոսի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան կողմէ կազմակերպուած էր Արաբական լիկայի հսկողութեամբ: Այս առիթով նախարար Պայրագտարեանի յանձնուեցաւ գնահատման յուշանուէր մը: Նոյնպիսի յուշանուէրներ յանձնուեցան Թունուզի եւ Յորդանանի երիտասարդութեան եւ … Read more

Ռաժժիի Դիրքորոշման Վերաբերեալ Կեցուածքներու Արտայայտումը Կը Շարունակուի

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը յայտնեց, որ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի Իսրայէլի Լիբանանի դէմ յարձակումները արդարացնող յայտարարութիւնը կ՛ապացուցէ ազգային գերիշխանութիւնը հարուածելու եւ ներքին պառակտումը ամրապնդելու շարունակուող վարմունքի վտանգաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կը հաստատէ «գերիշխանական» եզրին ետին պահուըտողներու դատարկ պնդումները: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը նշեց, որ կառավարական ամբողջ համակարգն ու անոր մասնակցող բոլոր կողմերը … Read more

Իսա. «Լիբանանին Աջակցութիւնը Երբեք Չդադրեցաւ»

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսա Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ շրջեցաւ սքանըրի մեքենաները աչքէ անցընելու համար: «Աշխատանքի կշռոյթը արագ է, եւ հպարտ եմ, որ այդ մեքենաները հոս են», ըսաւ ան: Միացեալ Նահանգներու դեսպանը նշեց. «Պէտք է վերականգնուի բնական կացութիւնը, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պետութեան վերադառնալն է, որպէսզի անոր եկամուտները չթալանուին եւ չգողցուին»: «Այն ճարտարագիտութիւնը, որ այսօր … Read more

Թրամփ. «Մեզի Տեղեկացուցին, Թէ Իրանի Մէջ Մահապատիժները Դադրած Են, Եւ Իշխանութիւնները Ոչ Ոք Մահապատիժի Պիտի Ենթարկեն»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ չորեքշաբթի գիշեր յայտարարեց. «Մեզի տեղեկացուցին, թէ Իրանի մէջ մահապատիժները դադրած են, եւ իշխանութիւնները ոչ ոք մահապատիժի պիտի ենթարկեն: Պիտի ստուգենք եւ կը յուսանք, որ Իրանի մէջ մահապատիժներու դադրեցման մասին մեզի հասած տեղեկութիւնները ճիշդ են»: «Եթէ Իրանի մէջ կալանաւորուածներու սպանութիւնը դադրած չըլլայ, չափազանց պիտի վրդովինք», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը: «Ռոյթըրզ» իր … Read more

Արաղչի. «Երկրին Մէջ Ամբողջական Հանդարտութիւն Կը Տիրէ, Եւ Կացութիւնը Ամբողջովին Վերահսկողութեան Տակ Առնուեցաւ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց. «Ո՛չ այսօր, ո՛չ ալ վաղը կախաղանի ճամբով մահապատիժներ պիտի ըլլան»: Թեհրան նախապէս յայտարարած էր, որ ցուցարարներուն դատավարութիւնները պիտի արագացնէ: Արաղչի ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Իրանի դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն պատճառով 10 օրուան խաղաղ ցոյցերուն յաջորդած են Իսրայէլի կազմակերպութեամբ բռնարարքներու երեք օրեր: Իրանեան դիւանագիտութեան … Read more

Ուկրաինան պատրաստ է ցավոտ զիջումների. Չեխիայի նախագահ

Սեղմեք ԱՅՍՏԵՂ, լրացրեք օնլայն հայտը և մոռացեք հոսանքի վարձի մասին  Չեխիայի նախագահ Պետր Պավելը կարծում է, որ Ուկրաինան ստիպված կլինի «ցավոտ զիջումների» գնալ ռուս-ուկրաինական պատերազմն ավարտելու համար։ Նա նման հայտարարություն է արել իր ուկրաինացի գործընկեր Վլադիմիր Զելենսկու հետ Կիևում հանդիպման ժամանակ, հաղորդում է «Европейская правда»-ն։ Չեխիայի նախագահը խոստովանել է, որ առանց Միացյալ Նահանգների Ուկրաինայում պատերազմի կարգավորում չի լինի։  «Եվրոպայի համար ցավալի … Read more

Դանիան ՕԹԱՆ-ի Հետ Համագործակցութեամբ Պիտի Մեծցնէ Կրինլանտի Մէջ Զինուորական Ներկայութիւնը

Դանիոյ զինեալ ուժերը յայտարարած են, որ ՕԹԱՆ-ի գործընկերներու հետ համագործակցութեամբ պիտի մեծցնեն Կրինլանտի մէջ իրենց զինուորական ներկայութիւնը: Դանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքի վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուած է կղզիի տարածքին մէջ ռազմափորձեր կատարելու մասին: Դանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լարս Լոք Ռասմուսեն Սպիտակ տան մէջ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վենսի եւ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ … Read more

Արժանթին Լիբանանի, Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Մէջ Իսլամ Եղբայրներու Մասնաճիւղերը Ահաբեկչական Խմբաւորում Որակեց

Արժանթինի կառավարութիւնը Լիբանանի, Յորդանանի եւ Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներ կազմակերպութեան մասնաճիւղերը ներառեց ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցուցակին վրայ: Այս մասին յայտարարեց Արժանթինի նախագահ Խաւիեր Միլիի գրասենեակը: Նախքան այդ, անոր դաշնակից Միացեալ Նահանգներու նախագահը 1928 թուականին Եգիպտոսի մէջ հիմնուած կազմակերպութեան դէմ նոյն քայլը որդեգրած էր: Արժանթինեան կառավարութիւնը յայտնեց, որ իր որոշումը հիմնուած է «պաշտօնական զեկուցումներու վրայ, որոնք կ՛ապացուցեն … Read more

«Ուքրանիոյ Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալու Գլխաւոր Խոչընդոտը Զելենսքին Է» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ «Ռոյթըրզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադառնալով Ուքրանիոյ հակամարտութեան, երկրի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին նկատեց պատերազմին վերջ տալու Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններու սառած վիճակին պատասխանատուն: Թրամփ ընդգծեց, թէ Զելենսքին համաձայնութեան գոյացման դէմ ծառացած «գլխաւոր խոչընդոտ»-ն է, իսկ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը «պատրաստ է գործարք կնքելու»: «Կը կարծեմ` Ուքրանիան նուազ … Read more

Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հանգիստ Ձեւով Յաղթեց Իր 2-րդ Մրցումին

ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը հաստատ քայլերով կը շարունակէ ախոյեանութիւնը եւ իր 2-րդ մրցումին հանգիստ յաղթանակ մը եւս արձանագրեց 89-59 արդիւնքով` Էն. Էս. Էյ.-ի դաշտին վրայ: Մրցումը սկսաւ բաւական պաղ մթնոլորտի մէջ: Էն. Էս. Էյ. կրցաւ մրցումը լաւ սկսիլ եւ պահ մը 5 կէտի առաւելութիւն ունենալ (7-2), բայց երբ Անթիլիասի աղջիկները տաքցան, Էն. Էս. Էյ. … Read more